Ավելի քան մեկ միլիոն ամերիկահայ իրավունք ունի քվեարկելու այսօր անցկացվող ԱՄՆ-ի նախագահի ընտրություններում։ Թեկնածուներ Թրամփն ու Հարիսը հայկական սփյուռքին աջակցություն են խոստանում Ղարաբաղի հարցում: «Լեռնային Ղարաբաղից տեղահանված հայերի՝ իրենց տները անվտանգ վերադառնալու իրավունքը կենսական նշանակություն ունի հայ ժողովրդի համար»,- նշել էր դեմոկրատ թեկնածու Քամալա Հարիսը։ Հանրապետական թեկնածու Դոնալդ Թրամփը բարձրացրել էր խաղադրույքը՝ Ղարաբաղն անվանելով Արցախ:               
 

Հայրենակերտում եւ ինքնութեան պահպանում

Հայրենակերտում եւ ինքնութեան պահպանում
07.05.2023 | 20:55

Մարդկային քաղաքակրթութեան պատմութիւնը լեցուն է հաւաքական ոճիրներու, տեղահանութիւններու տխուր էջերով: Ոմանք միտումնաւոր նետուած են մոռացութեան աղբանոցը: Մարդկային արդարութիւնը տակաւին կը զլանայ իր գնահատականը տալու հայ ժողովուրդին դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած ցեղասպանութեան:

Աշխարհի մէջ դժուար պիտի ըլլայ գտնել ժողովուրդ, որուն բարոյահոգեբանութիւնը, պատմութեան կամարէն հատած ճանապարհը այնքան մօտ ըլլան Նոր կտակարանի խորհուրդներուն, որքան հայ ժողովուրդինը:

Ժամանակը մեզ աւելի եւ աւելի կրնայ հեռացնել եղերաբախտ 1915 թուականէն, սակայն մեր միտքն ու հոգին նոյնքան զգայուն են ցաւի եւ զգօն՝ յիշողութեան հանդէպ, որքան մեր հայրերունն ու պապերունը:

Պայքարի եւ ծանր փորձութիւններու, յաջողութիւններու եւ տեղատւութիւններու հարիւր եւ ութ տարիներ անցան՝ վառ պահելով մէկուկէս միլիոն եւ աւելի նահատակներուն յիշատակը: Միջազգային հանրութեան առջեւ շատ դժուար պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ պաշտպանել պատմական արդարութիւնը, երբ հայցուոր ժողովուրդին ներկայացուցիչները տարակարծութիւն կամ տարընթերցումներ թոյլ կու տան Հայոց ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն անդրադառնալու միջոցին...: Փորձեր եղան եւ կ՛ըլլան սեպեր խրելու պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ, սակայն քաղաքական ոչ մէկ վերիվայրում կրցաւ մթագնել հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը, խաթարել անոր կամքն ու ձգտումը հետապնդելու իր արդար դատը:

Այսուհանդերձ ցաւով պիտի արձանագրենք, որ անկախ պետականութեան մօտաւորապէս երեսուն եւ երեք տարիներուն տակաւին չենք յաջողած քննական մտքով ուսումնասիրել կամ վերանայիլ մեր պատմութեան ամենակարեւոր եւ առանցքային փուլերուն: Բա՛ւ այլեւս սեւ կամ սպիտակ ոսպնեակով մատուցել մեր «ժամանակակից» պատմութիւնը: Այս մէկը որքան քաղաքական, նոյնքան եւ աւելի բարոյական հրամայական է: Միւս կողմէ՝ պատմութիւնը վերարժեւորելու ընթացքին անհրաժեշտ է հրաժարիլ իրադարձութիւնները կամայականօրէն խաղարկելու անհանդուրժելի վարժութիւններէն: Հայ ժողովուրդին ցեղասպանութիւնը, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ծագումն ու գործունէութիւնը, հայ-թրքական յարաբերութիւնները,Խորհրդային ժամանակաշրջանին Սփիւռք-հայրենիք փոխյարաբերութիւնները կարելի չէ յարաբերական շահարկումներու առարկայ դարձնել:

Այսօր որքանով յանձնառու կը մնանք պահանջատիրական մեր գոյերթին, գիտակցելով հանդերձ, որ բարդ եւ բազմերես պայքար մըն է հատուցման հարցը:

Հետեւեցէք պատմութեան. աշխարհը միշտ խուլ ականջ կը ձեւանայ այլոց ողբերգութեան նկատմամբ: Ճիշդ է, որ պատմաբաններ, մշակոյթի եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կարելի բոլոր միջոցներով մեծ ջանքեր կը գործադրեն մարդկային հասարակութեան հասցնելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը, սակայն քաղաքական որոշումի տէր պետութիւններ լուռ կը մնան տակաւին յանցագործէն հատուցում պահանջելու մեր ջանքերուն: Այս չի նշանակեր անտեսել մեծ պետութիւններու, միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փաստը: Սակայն ճանաչումը մէկ քայլ է, հատուցումը՝ այլ: Լռութիւնն էր, որ քաջալերեց հրեաներուն ցեղասպանութիւնը: Այդ լռութիւնն է, որ ցեղասպանութիւնը այսօր դարձուցած է սովորական երեւոյթ: Այդ լռութիւնն է, որ շահարկութեան վերածած է յանցագործութիւնը: Դժբախտաբար այս բարոյականութեամբ կը մտածէ եւ կը շարժի մարդկային քաղաքականութիւնը 21-րդ դարուն:

Այնքան ժամանակ, որ միջազգային հասարակութիւնը քաղաքական եւ բարոյական գնահատական չէ տուած Հայոց ցեղասպանութեան, անկարող պիտի մնայ կանխելու պարբերական ողբերգութիւնները, մեր մոլորակը պիտի մնայ վայրագութեան փաստերը արձանագրողի եւ շահարկողի դերին մէջ:

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Նիւրենպերկի միջազգային ատեանը դատապարտեց եւ պատիժ սահմանեց հրեաներու ցեղասպանութեան յանցագործներուն: Դատապարտելով հրեաներուն ցեղասպանութիւնը՝ միջազագային հասարակութիւնը դատապարտեց ցեղային խտրականութեան վրայ հիմնուած գաղափարախօսութիւնները: Սակայն 20-րդ դարու վերջին տասնամեակին եւ 21-րդ դարուն սկիզբը ծայր առած արիւնահեղութիւնները, քաղաքական տագնապներու, կրօնական, ցեղային դրդապատճառներով զանգուածային կոտորածներն ու ցեղասպանութիւնները եկան ապացուցելու, թէ անպատժելիութեան մշակոյթը համատարած սպառնալիք դարձած է մարդկութեան դէմ:

Ժամանակը հասած չէ՞, արդեօք, որ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքերէն ճառող քաղաքակիրթ աշխարհը բարոյական եւ իրաւական դատապարտումի ենթարկէ կրօնքի, ցեղային խտրականութեան հիմքերու վրայ կատարուող զանգուածային ոճիրները, բռնի տեղահանութիւնները, ոճրադատը հաշուետու եւ պատասխանատու մնայ գործած յանցագործութեան, ժամանցելիութիւնը փրկութեան լաստ չդառնայ անոր ոճիրներուն: Համեստ կարծիքովս՝ Հայոց ցեղասպանութեան իրաւական եւ բարոյական գնահատականը պիտի դառնայ այլ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու անկիւնաքարը:

Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական եւ բարոյական գնահատականը ներազգային եւ միջազգային հանրութեան մէջ ձեռք կը բերուի հետեւողական եւ միասնական աշխատանքով՝ պարտութեան մատնելով մեր թշնամիին երկդիմի, ժխտողական դիրքորոշումները: Այս գործընթացը պայմանաւորուած է մեր հաւաքական կամքով եւ քաղաքական հասունութեամբ: Հայաստան, Սփիւռք, Արցախ միասնաբար պիտի ուխտեն միս եւ արիւն տալ հայ ժողովուրդի մեծ երազին կամ միասին պիտի ճաշակենք ինքնախաբէութեան դառն արգասիքը:

Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը բաւական լուրջ պայմաններու մէջ կը դիմաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը: Լինելութեան օրեր կ՛ապրի մեր հայրենիքը: Կը հիւծի Սփիւռքը: Ճգնաժամ կ'ապրին Հայաստանն ու Սփիւռքը: Հայաստանի պարագային հզօր պետականութիւն եւ հայրենակերտումը խօսքէն աւելի համոզում եւ փաստ անհրաժեշտ է, որ դառնայ:

Մտահոգիչ կը մնայ Արցախի հանրապետութեան վաղուան օրը: Անորոշութիւնը եւ անվտանգութեան սպառնալիքը կը մտահոգէ բոլորս: Բախտորոշ այս ժամանակաշրջանին մեր հայեացքները ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ տասնամեակներով կուտակուած բացթողումներու սրբագրութեան: Քաջ ըլլանք խոստովանելու, մահաքուն կ՛ապրին մեր ազգային-քաղաքական կառոյցներէն շատեր: Ամէնուրէք նոր խօսք կը սպասէ երիտասարդութիւնը: Ժամանցուած տեսութիւններով, մօտեցումներով կարելի պիտի չըլլայ ղեկավարել Սփիւռքը: Երիտասարդութիւնը այլընտրանք կը փնտռէ, նոր խօսքի եւ գործելաոճի բացակայութեան հետեւանքով: Կը նահանջէ նաեւ լեզուն, Մեսրոպի լեզուն:

Տակաւին երէկ, Արցախի 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, իր արեւմուտքով եւ արեւելքով, հիւսիւսով եւ հարաւով Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան զօրավիգ միջազգային ընտանիքը, երկդիմի, յաճախ ալ հակասական կեցուածքներով Արցախի գերիշխանութեան իրաւունքը կը շահարկէ այսօր: Պարտինք լաւ գնահատել ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակը: Շրջանային եւ համաշխարհային միջպետական պարանաձգութեան թիրախ Արցախի հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին մեծ փորձութիւններ կը սպասեն տակաւին: Ատելութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը առաւել կը նուաստացնեն մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը: Դասեր քաղենք անցեալէն:

Պատմաքաղաքական այս յոյժ կարեւոր ժամանակաշրջանին կենսական անհրաժեշտութիւն է, որ համահունչ բաբախէ հայ ժողովուրդին սիրտը: Անհատական, հատուածական, կուսակցական շահերու պաշտպանութիւնը չի կրնար փոխարինել ազգային իմաստութեան եւ ինքնապաշտպանութեան տարրական բնազդը: Այս հայրենիքը ի վերջոյ մեր պապերէն մեզի ժառանգ մնացած, հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան համար իրենց կեանքը տուած բիւրաւոր ազատամարտիկներուն եւ ցեղասպանութեան նահատակներու դարաւոր երազներուն հայրենիքն է: Կշռադատենք մեր քայլերը: Չխարխափինք մեր շուրջ լարուած թակարդներուն առջեւ:

Հայ ժողովուրդի այսօրուան ազգային անվտանգութիւնը խարսխուած է նախ եւ առաջ Հայաստանի անվտանգութեան վրայ, որմէ կախեալ է անվտանգութիւնը նաեւ Սփիւռքի եւ Արցախի: Այս երեք հիմնասիւներուն շահերը տարանջատելու, հակադրելու որեւէ փորձ կը նշանակէ վտանգի ենթարկել հայկական պետականութեան, Սփիւռքի եւ համայն հայ ժողովուրդի ապագան:

Մեր պատմական առաքելութիւնն է հզօր հայրենիք եւ պետականութիւն կերտել, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումները հետապնդել, դադրեցնել Հայաստանէն արտագաղթը եւ զօրացնել Սփիւռքի հայապահպանութեան յենակները, գուրգուրալ մայրենի լեզուին,հայրենադարձութեան պայմաններ ստեղծել: Այս գիտակցութեան բացակայութիւնը անդառնալի կորուստներու պիտի մատնէ Հայաստանն ու Սփիւռքը:

Համերաշխութիւնը եւ հանդուրժողութիւնը հայ հաւաքականութեան բոլոր բաղկացուցիչներու անդրդուելի հաւատարմութիւնն է պատմական, քաղաքական, բարոյական արժէքներու այն համակարգին, որ կը պայմանաւորէ ժողովուրդին ինքնութեան պահպանումը:

Հայոց ցեղասպանութեան 108-ամեակը եզրագիծ է հայ ժողովուրդին համար: Այս պատասխանատու ժամանակահատուածին մէջ իրաւունք չունինք սխալելու: Ճիշդ դասեր քաղենք ողբերգական ցեղասպանութենէն, որ ոչ միայն միլիոնուկէս նահատակներ խլեց մեր ժողովուրդէն, այլեւ մեզ զրկեց մեր պատմական հայրենիքի մեծ մասէն, իւրացուց եւ քանդեց մեր պատմամշակութային կառոյցները, յափշտակեց մեր ունեցուածքները: Պատմութեան կրկնութիւնը կանխելու եւ ապագայ կերտելու համար լուրջ խորութեամբ պարտինք ընկալել պատմութեան այդ մեծացոյն ոբերգութիւնը:

Հայ ժողովուրդը պատմական յիշողութիւնը վառ պահելով ու նորագոյն պատմութեան էջերուն առարկայական մօտեցում ցուցաբերելով պիտի կերտէ վաղուան ամբողջական Հայաստանը: Ան որ մոռնայ իր անցեալը, դատապարտուած է անոր կրկնութեան...:

Այսօր՝ հարիւր եւ ութ տարի ետք, մեր պապերուն յիշատակին, ապագայ սերունդներուն առջեւ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք՝ հզօր պետականութիւն, հայրենակերտում, ազգային ինքնութեան պահպանում եւ հատուցման հետապնդում:

Բիւր յարգանք հայ ժողովուրդի նահատակներուն:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Կոլաժը` ՆԻԿՕ-ի (Նիկոլայ ՄԱՆՈՒԿՅԱՆ)

Դիտվել է՝ 6382

Մեկնաբանություններ