10.04.2015|
00:13
Կաֆայի գրաւումէն ետք (6 յունիս 1475), բնակիչներուն մէկ մասը, իբր 40000 հոգի, Իսթանպուլ ղրկուեցան: Տարագիրներու մէջ կը գտնուէին բազմաթիւ հրեաներ, յոյներ եւ հայեր: Հրեաները, որոնք ծանօթ էին Գարայի անունով, Խասքէօյ եւ յոյները Կալաթա հաստատուեցան: