«Իրենց երկրներում ամերիկյան հրթիռներ տեղակայելով՝ Եվրոպան ռիսկի է դիմում. ՌԴ-ն կարող է հարվածներ հասցնել այն պետությունների մայրաքաղաքներին, որտեղ ամերիկյան հեռահար զինատեսակներ են նախատեսում տեղակայել»,- հայտարարել է ՌԴ նախագահի մամուլի քարտուղար Դմիտրի Պեսկովը։               
 

Սփիւռք, Հայապահպանում եւ Ամբողջական Մշակոյթ

Սփիւռք, Հայապահպանում եւ Ամբողջական Մշակոյթ
17.06.2023 | 21:29
Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի «Մշակութային Երեկոյ» յաջորդական ծրագիրներուն շարքին այս եղանակի վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 9 ին։ Օրուայ բանախօսն էր Դոկտ. Հրայր Ճէպճէեան։ Դոկտ. Ճէպէճեան ընդհանուր Քարտուղարն է Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան։ Ան ներկայացուց, «սփիւռք, հայապահպանում եւ ամբողջական մշակոյթ» նիւթը։
«Մշակութային Երեկոյ»ի բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի վարչութեան ատենապետ՝Պրն Արթօ Դաւիթեան։ Դոկտ. Ճէպէճեան իր նիւթը սկսաւ նախ ներկայացնելով մշակոյթ հասկացողութիւնը եւ անոր բաղադրիչ մասերը՝դրուատելով ամբողջական մշակոյթի կազմաւորումը եւ հասկացողութիւնը հաւաքականութեան մը կեանքի համար։Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատճառած մեծ աղէտներէն մին՝հայուն ամբողջական մշակոյթի կորուստը երբ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն տեղահան ըլլալով կորսնցուց իր ազգային հողին վրայ ապրելու իր ինքնուրոյն կենցաղը։
Դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ հայկական սփիւռքներու կազմաւորումին մասին՝առաջին օրերէն եւ հասնելով ներկայ ժամանակները։ Ան դրուատեց հայկական սփիւռքներու փոփոխութեան անցած ու տակաւին տարբեր բուլերը եւ անոնց քայլ ար քայլ ընդգրկուելու գործընթացը տեղական իրականութիւններու հետ։ Այս իմաստով՝ ան ներկայացուց հայկական սփիւռքներու բարդ խճանկարները այսօր՝ օրինակներ բերելով իր երկար տարիներու ճամբորդութիւններու փորձառութենէն՝ուր այցելած եւ տեսած է շատ մը հայկական գաղութներ երբ ան ըսաւ։ « Հայկական սփիւռքները տարբեր են բայց օտարներ չեն»։
Դոկտ. Ճէպէճեան անդրադարձաւ ներկայ ժամանակներու համաշխարհային կարգավիճակներու մասին։ Համաշխարհայնացումէն դէպի տեղակայնացումի փոխադրուող իրավիճակներուն մէջ ան վեր արաւ « քաղաքական ինքնութեան» հասկացողութեան կազմաւորումը եւ անոր շեշտը հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ։ Ան այս «քաղաքական ինքնութեան» եւ անոր գիտակցութեանը իրականութիւնը կամրջեց հայկական սփիւռքներու պարագային՝ուր հայը նոյնպէս զգաստ սկսած է պահել իր ազգային ինքնութեան եւ անոր գիտակցութեանը վրայով։ Ան ներկայ օրերու այս տիրող իրավիճակը նկատեց «դրական»՝ հայուն ազգային ինքնութեանը եւ անոր արժեւորումին վրայով։
Դոկտ. Ճէպէճեան իր խօսքին վերջաւորութեան անդրադարձաւ հայապահպանումի մեծ մարտահրաւէրներու մասին։ «Մենք հայապահպանումի մեծ պատերազմի մէջ ենք սփիւռքի մէջ։ Իւրաքանչիւր գաղութ իր ճակատամարտը կը մղէ այս իրականութեանը մէջ» ըսաւ ան։ Դոկտ. Ճէպէճեան շեշտեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը նոր սերունդի համար, ապա խօսեցաւ անհրաժեշտութիւնը սերմանելու հպարտութիւնը հայկական ինքնութեան եւ մշակութային մեծ ժառանգի գիտակցութեանը մէջ։ Ան քաջալերեց ներկաները լիցքաւորուելու «դրական ուժով» եւ լաւատեսութեամբ։
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնի մէջ ելոյթ ունեցաւ երիտասարդ խոստմնալից երգիչ, Գարիկ Մալխասեանը, որ մեներգեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։
Դիտվել է՝ 1898

Մեկնաբանություններ