27.12.2023|
10:00
Այս տղաքը պատանեկան տարիներուն իմ հերոսներէն էին։ Վերջապէս՝ իւրաքանչիւր պատանի-երիտասարդ կուզէ ունենալ հերոսներ որոնք կուտան ներշնջում՝ կեանքի մէջ մեծնալու ժամանակահատուածին մէջ։ Արարատ 73-ի տղաքը այս իմաստով իմ հերոսներէն էին։ Անոնք եթէ մէկ կողմէ հերոս էին իրենց ֆութպոլի խաղաոճի մեծ տաղանդի եւ կարողականութիւններուն համար, բայց նաեւ աւելին։ Անոնք դարձած էին ինծի համար հերոսներ՝որոնք սրսկեցին իմ պատանեկան տարիներուն Ազգայինի եւ անոր հասկացողութեան գիտակցութիւնը՝ բայց նոյնքան նաեւ այդ բոլորին նկատմամբ Հպարտութիւնը։ Հպարտութիւնը հայուն, հայրենիքին եւ անոր մշակոյթին։ Եթէ մէկ կողմէ կը քաջալերուէի, երբ Պէյրութ կուգային, բայց նաեւ առիթը ունեցայ իրենց մրցումներուն ներկայ ըլլայ Երեւանի Հրազդան մարզադաշտի մէջ։ Եւ հոն՝ ես ալ հայրենի ժողովուրդին հետ կը միանայի քաջալերական բացագանչութիւններուն։