Քսանհինգ տարիներ առաջ, ազգային ազատագրութեան եւ հայրենատիրութեան ոգիով տոգորուն հայեր մեկնակէտը դրին Արցախեան հզօր, արժանապատիւ եւ համաժողովրդային Շարժման, որուն պատուաբեր ձեռքբերումը եղաւ Արցախեան յաղթանակը: Դարասկզբին՝ Ցեղասպանութեան զոհի կերպարով նուաստացած հայը դարավերջին կրցաւ Արցախեան հպարտառիթ յաղթանակներով յաղթահարել զոհի այդ կերպարը իր գիտակցութեան մէջ, վերակերտեց իր հայրենատիրութեան գիտակցութիւնն ու կամքը եւ նոր սկիզբ դրաւ իր դարաւոր պատմութեան: Նոյն այդ ոգին է կենսական այսօր, ամրապնդելու այդ յաղթանակը Հայաստան-Արցախ միաւորումով, ինչպէս նաեւ վերակերտելու Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը՝ խարսխուած ազգային-բարոյական-մշակութային արժէքներու համակարգի եւ ազգային տեսլականի վրայ: Ազատ, արդար ու արժանապատիւ հասարակարգի հիման վրայ: