Հայկական կողմի հայտարարությունները վկայում են ՀԱՊԿ աշխատանքի բոլոր ձևաչափերից Երևանի հեռանալու մասին՝ լրագրողներին ասել է ՌԴ ԱԳ փոխնախարար Ալեքսանդր Պանկինը՝ պատասխանելով նոյեմբերի 28-ին ՀԱՊԿ գագաթնաժողովին Հայաստանի մասնակցության հնարավորության մասին հարցին՝ տեղեկացնում է ՏԱՍՍ-ը։               
 

Զգուշացէք գիտական հիմքերէ ճառախօս տեսաբաններէն

Զգուշացէք գիտական հիմքերէ ճառախօս տեսաբաններէն
09.06.2023 | 16:33

Բարեկամական շրջանակի մը մէջ, իբրեւ թէ «գիտական» հիմքի վրայ ամրագրուած «առողջ» վէճի մը ներկայ գտնուելու դժբախտութիւնը ունեցայ վերջերս:

Մեր ժողովուրդի պատմութեան թերեւս ոչ բոլոր հանգրուաններուն ծանօթ անձնաւորութիւն մը, կը մերժէր արժեւորել Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտերը, առաւել եւս բացառելով Սասունի ինքնապաշտպանութեան իրողութիւնը: Ենթական կը պնդէր ցեղասպանութեան հետապնդումը գիտական հիմքերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը եւ չափազանցութիւն կը նկատէր «քանի մը գիւղերու» մէջ ինքնապաշտպանութեան դէպքերը:

Խուսափեցայ Բրուտոսներու նորօրեայ տիպարին հետ վէճէն: Շուրջիններուս հակադարձութիւնները բաւարար գտայ զինք սաստելու իմաստով, գիտակցութեան հրաւիրելու՝ գիտական հիմքերէ խօսող տեսաբանը: Բայց աւելի ուշ, որոշեցի սեւ-ճերմակ թուղթին յանձնել տեսակէտս, այն մտահոգութեամբ, որ վաղը հաւանաբար Ցեղասպանութեան պատասխանատուութիւնը մեր ժողովուրդին վերագրող հայախօս պատմաբաններ ալ յայտնուին:

Մեկնելով Հայոց Ցեղասպանութեան վայրագ եւ սրընթաց ծաւալէն, դժուար չէր հետեւցնել, որ երիտթուրք ղեկավարութիւնը գաղտնապահութեամբ մշակած էր հայ ժողովուրդը ֆիզիքական բնաջնջումի ենթարկելու խենէշային ծրագիրը: Յարձակումները գրեթէ անսպասելի էին արեւմտահայութեան համար: Անակնկալի մատնուեցան բոլորը: Այսուամենայնիւ, անտէր մնացած հայ ժողովուրդը անմիջապէս չխոնարհեցաւ երիտթուրքերու կամայականութիւններուն: Արեւմտահայաստանի որոշ շրջաններու մէջ յաջողեցաւ կազմակերպել ինքնապաշտպանութիւն, որուն հետեւանքով հազարաւոր հայորդիներ փրկուեցան Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն:

Չեմ գիտեր, թէ ո՞ր հայը կրնայ անտեսել կամ պիտի զլանայ գնահատելու Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը: Ինչպէ՞ս ուրանալ Արմենակ Եկարեանի գլխաւորութեամբ եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ, Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, մեր ժողովուրդի պատմութեան այն պահուն, երբ նժարի վրայ դրուած էր անոր գոյութիւնը: Թրքական բանակը, հակառակ իր տրամադրութեան տակ գտնուող բազմաթիւ թնդանօթներուն չկրցաւ ծունկի բերել հայկական դիրքերը: Վանեցիները յաջողեցան հակայարձակողականի դիմել եւ այրել կառավարական կարգ մը հաստատութիւններ եւ զօրանոցներ: Թրքական զօրքերը պարտութեամբ հեռացան Վանէն: Այս զարգացումներէն քանի մը օր ետք, Վան հասան հայ կամաւորական ջոկատները, ապա՝ ռուսական բանակի միաւորներ:

Միայն Վանի հերոսական յաղթանակով չաւարտեցան ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Անոր շրջակայ՝ Շատախ, Գաւաշ, Փեսանդաշտ եւ բազմաթիւ այլ գիւղերու մէջ շարունակուեցան ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Հերոսական այդ ինքնապաշտպանութեան շնորհիւ, մօտաւորապէս երկու հարիւր հազար հայեր փրկուեցան թրքական եաթաղանէն: Վանի մէջ միաժամանակ ստեղծուեցաւ հայկական նահանգապետութիւն:

Զիս առաել զարմացուց արծուեբոյն Սասունի մասին բարեկամիս ժլատ հաստատումը: Թրքական բանակը, Մարտ 1915-ին փորձեց խուժել Սասուն: Թուրքերը հանդիպեցան կազմակերպուած ինքնապաշտպանութեան: Սասնոյ եւ անոր շրջակայ մօտաւորապէս յիսուն հազար հայերը հերոսաբար կռուեցան թրքական կանոնաւոր բանակին եւ հազարաւոր քիւրտ հրոսակներու դէմ: Միայն զինամթերքը եւ պարէնը սպառելու պատճառով, վեց ամիս հերոսական դիմադրութենէ ետք, մեր ժողովուրդի անտէր զաւակները դադրեցան կազմակերպուած դիմադրութենէն եւ Սասնոյ լեռներուն մէջ խիզախօրէն շարունակեցին պայքարը: Յունուար 1916-ին, ռուսական բանակը մտաւ Մուշ եւ մօտաւորապէս տասն հինգ հազար հայեր փրկուեցան անխուսափելի բնաջնջումէն: Եւ տակաւին վիճիլ՝ ինքնապաշտպանութիւն տեղի չէր ունեցած Սասունի մէջ, մարդկային խղճի դէմ մեղանչում է պարզապէս:

Ըսէք պարոնայք խնդրեմ, որու՞ն կը ծառայեն «գիտական» մօտեցումով այս անտեսումները: Հարիւր տարուան հեռաւորութեան վրայ դիւրին է անտեսել այդ բոլորը: Մարդկային խղճին եւ բանականութեան անյարիր պիտի մնան այսօրինակ զեղումները: Մոռնա՞նք թուրք ջարդարաներուն դէմ մշեցիներու հերոսական դիմադրութիւնը: Այսօր, դիւրին է Պէյրութ նստած կամ՝ այլուր, աժան վճիռներ արձակել, նսեմացնել ճառահատ մեր ժողովուրդին հերոսապատումները: Մարդիկ, որոնք փախուստ տալու, տեղահանութեան հրահանգներուն առջեւ խոնարհելու փոխարէն նախընտրեցին դիմադրել ջարդարար թուրքին, մինչեւ վերջին փամփուշտը կռուիլ, զոհուիլ հերոսաբար, նոյնիսկ անձնասպանութիւն գործել, անձնատուր չըլլալու համար:

Չեմ գիտեր թէ Արամ Հայկազ ի՞նչ զգացումէ ներշնչուած գրած պիտի ըլլար Շապին Գարահիսարի հերոսամարտը յաւերժացնող կոթողական աշխատանքը, եթէ հարիւր ութ տարի ետք, «նոր մեկնաբանութեան» եւ գիտական շունչի քուրմեր, սովորական եղելութեան մը պիտի փորձէին վերածել Շապին Գարահիսարցիներու սխրագործութիւնը: Թրքական բանակը, 3 Յունիս 1915-ին փորձեց գրաւել Շապին Գարահիսարը: Քաղաքի բնակիչները թրքական բանակի հրամանատարութենէն ստանալով տեղահանութեան հրահանգը, խոնարհելու փոխարէն որոշեցին դիմադրել: Սկսաւ հերոսամարտը: Անոնք համախմբուեցան քաղաքի մօտ գտնուող աւերակ ամրոցին մէջ եւ մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը դիմադրեցին խուժանին: Թուրքերը բազմիցս փորձեցին ճեղքել հայոց դիմադրութիւնը, սակայն անոնց փորձերը աւարտեցան ձախողութեամբ: Պարէնը, զինամթերքը եւ ջուրը սպառելէ ետք ինքնապաշտպանութիւնը դարձաւ անհնար: Գարահիսարցիներու մէկ մասը նախընտրեց մինչեւ վերջին պահը դիմադրել,իսկ մաս մըն ալ մեծ զոհերու գնով յաջողեցաւ ճեղքել թրքական պաշարումը եւ հեռացաւ դէպի լեռնային շրջաններ եւ երկար ժամանակ շարունակեց պայքարը: Պիտի չխօսինք Մուսա Լերան եւ Ուրֆայի հերոսամարտերուն մասին: Ինքնապաշտպանութեան դիմեցին նաեւ Եոզղաթի,Խնուսի շարք մը հայկական գիւղեր, Զէյթունի մօտակայ Ֆընտըճաք գիւղաքաղաքը: Այո' ճնշուեցան ինքնապաշտպանութեան փորձերը ,սակայն անոնց շնորհիւ բազմահազար հայեր յաջողեցան փրկուիլ կոտորածներէն:

Մեր մեծ հայրերը, գերադասեցին զէնքը ձեռքին պատուաւոր մահը, քան՝ առանց պայքարի անձնատուր դառնալ թուրքերու քմայքին: Այսօր, յատկապէս մենք՝ Սփիւռքահայերս, անոնց կը պարտինք մեր գոյութիւնը: Մենք ժառանգորդներն ենք այն քաջարիներուն,որոնք անհետ կորան՝ կերտելու մեր այսօրը: Եւ վերջապէս, պատմութեան փորձը ցոյց տուաւ, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին արեւմտահայերուն մղած հերոսամարտերը, համախմբուած եւ միացեալ պայքարը, դարձան թրքական եաթաղանէն փրկուելու միակ միջոցը...:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 6200

Մեկնաբանություններ