ԱՄՆ-ի նախագահ Ջո Բայդենը հայտարարել է, որ դուրս կգա նախագահական ընտրապայքարից, եթե բժիշկները պարզեն, որ ինքն առողջական խնդիրներ ունի։ «Անկեղծ ասած, ես կարծում եմ, որ միակ բանը, որ տարիքը բերում է, իմաստությունն է»,- հավելել է Բայդենը։ Ավելի վաղ նա ասել էր, որ կհրաժարվի նախընտրական մրցապայքարից միայն այն դեպքում, եթե Աստված իրեն ասի դա անել։               
 

«Ո՞վ Չի Սիրեր Պէյրութը»

«Ո՞վ Չի Սիրեր Պէյրութը»
04.07.2023 | 22:34

Պահրէյնի թագաւորութիւնը կը գտնուի Արաբական (Պարսից) ծոցի շրջանին մէջ: Անոր տարածութիւնը 760 քառակուսի քիլոմեթր է: Պահրէյն կազմուած է 50 բնական ու 33 արհեստական կղզիներէ եւ ունի գեղեցիկ ծովեզերք, բարձր որակի շինարարական կառոյցներ ու, տակաւին, ամբողջ կղզիի տարածքին կան արմաւենիի եւ ձիթապտուղի ծառեր: Աշխարհագրական տարածութեամբ փոքր այս կղզին այսօր դարձած է տնտեսական ու մշակութային կեդրոն եւ զբօսաշրջիկներ հմայող երկիր: Այս փոքր կղզին այսօր դարձած է գեղեցիկ եւ կը հմայէ այցելուները:

Պահրէյնի գեղեցկութիւնը ինծի համար նաեւ այլ տեղ կը գտնուի: Այս «այլ տեղ» գտնուող գեղեցկութիւնը չի ծածկեր կամ ստորադասեր վերը յիշուած բոլոր միւս տուեալները: Պահրէյնի այլ գեղեցկութիւնը իր ժողովուրդին մէջ է: Պահրէյնցիները պարզ են, բարի եւ ընկերային: Այս երեք յատկանիշները ինծի համար դարձած են յատկանշական գեղեցկութիւններ, որոնք աշխատանքային յաճախակի այցելութիւններուս ընթացքին միշտ ալ սիրած եւ գնահատած եմ:

Այս յատկանիշները կը սկսիս տեսնել ու վայելել օդակայանէն եւ անոր պետական թէ սեփական օդանաւային ընկերութիւններու պաշտօնեաներուն միջոցով: Միշտ չէ, որ կրնաս հանգիստ զրուցել տարբեր օդակայաններու անցագիրները ստուգող պետական պաշտօնեաներու հետ: Հոն կրնան ըլլալ անձեր, որոնք կ՛ըլլան շատ լուրջ եւ խոժոռ դէմքով, ինչ որ որեւէ ձեւի հաղորդակցութիւն անկարելի կը դարձնէ: Պահրէյնի պարագային բոլորովին տարբեր է: Իւրաքանչիւր այցելութեանս ընթացքին միշտ ալ կը սիրեմ զրուցել պետական պաշտօնեաներուն հետ, եւ իրենք ալ նոյնպէս կ՛ընդառաջեն: Մարդկային հաղորդակցութիւն մըն է, որ կը ստեղծես, թէկուզ` քանի մը վայրկեան, ինչ որ գեղեցիկ է եւ հաճելի:

17 յունիս 2023:

Կը մտնեմ Պահրէյնի գեղեցիկ, նորակառոյց եւ հսկայ օդակայանը` ճամբորդելու համար դէպի Քուէյթ: Երիտասարդ տղաք ու աղջիկներ կ՛ընդունին քեզ: Նոյն ժպիտն է եւ լաւ տրամադրութիւնը: Կիպրական անցագիրս տուի Ալիին: Նայեցաւ ինծի ու անգլերէնով հարցուց. «Ո՞ւր պիտի ճամբորդես»:

«Քուէյթ պիտի երթամ», ըսի Ալիին արաբերէնով:

Ալիին դէմքին վրայ գծուեցաւ ժպիտ մը: Ան դարձեալ բացաւ անցագիրս եւ այս անգամ աւելի զգուշ նայելով` կրցաւ տեսնել, որ Պէյրութ ծնած եմ:

«Ահա՜, լիբանանցի ես»: Ալիին դէմքին վրայ երեւցաւ արտասովոր ժպիտ եւ խանդավառութիւն: Ան առիթը ունեցած է մէկ անգամ Պէյրութ այցելելու: Ալին սկսաւ պատմել Պէյրութի իր փորձառութիւնը:

«Սիրեցի՞ր Պէյրութը»:

«Ո՞վ չի սիրեր Պէյրութը», եղաւ Ալիին հաստատ պատասխանը: «Տարբեր քաղաք է, որ կարելի չէ չսիրել»:

Ալին ամէն ձեւով օգտակար դարձաւ ինծի: Մէկ կողմէ պահրէյնեան իր ընկերային բնաւորութիւնը, միւս կողմէ` նաեւ Պէյրութը միացնող օղակներն էին այդ օր մեր հաղորդակցութեան:

«Պէյրութը ո՞վ չի սիրեր»:

Իմ աւելի քան երեսուն երկար տարիներու ճամբորդական կեանքիս մէջ պէտք է ընդունիմ, որ յաճախ լսած եմ, որ` «Պէյրութը տարբեր է»: Ու տակաւին` «Լիբանանը ուրիշ է»: Այս յիշատակումները շեշտուած կերպով կը լսեմ Արաբական ծոցի շրջանի երկիրներուն մէջ: Շրջանին մէջ որ այլուր քաղաքական ի՛նչ իրադարձութիւն թէ կեցուածք որ ալ ըլլայ, անոնք որեւէ ձեւով չեն խանգարեր, որ մարդիկ միշտ ալ արտայայտուին, որ` «Պէյրութը գեղեցիկ քաղաք է»:

Այդ օր Պահրէյնի օդակայանը նստած` մտածեցի Ալիին եւ իր արտայայտութեան մասին. «Ո՞վ չի սիրեր Պէյրութը»: Եթէ Ալին եւ իր նմանները կը սիրեն Պէյրութը, հապա մե՞նք: Բոլո՛ր լիբանանցիներս:

Լիբանանը տագնապի մէջ է` քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական, ընկերային եւ, տակաւին, այլ բնագաւառներու մէջ: Բազմապատկուած եւ բազմապատկուող տագնապներ մէկը միւսին վրայ աւելնալով` քիչ մը աւելի կը մխրճեն երկիրը դէպի անդունդ: Մարդիկ լոյսի եւ յոյսի նշոյլը չտեսնելով` կ՛ուզեն հեռանալ:

Ալին կը սիրէ Պէյրութը: Ու տակաւին, ան հաստատօրէն համոզուած է, որ բոլորը կը սիրեն Պէյրութը: Այս կը նշանակէ, որ «սէր»-ը պէտք է դուրս բերել իր բառացի ու հոմանշային հասկացողութենէն եւ զայն դնել խորքային, գործնական եւ աշխատանք արտադրող դրսեւորումի մէջ: Գործնական եւ աշխատանք արտադրող սէրը կը շինէ: Աստուածաշունչի բացատրութեամբ, «սէրը երկայնամիտ է»: Այսինքն երկար ժամկէտի վրայ կը տոկայ, կը շարունակուի, բայց ոչ երբեք` աննպատակ: Այլ կը փոխէ եւ նորը կը շինէ:

Պօղոս առաքեալն է հեղինակը այս հատուածին: Ան կը գրէ Կորնթոս քաղաքի եկեղեցիին: Պօղոս առաքեալի օրերուն Կորնթոս քաղաքը վաճառականական եւ տնտեսական շատ կարեւոր կեդրոն էր: Այդ օրերուն քաղաքը մխրճուած էր անբարոյականութեան ու ընկերաքաղաքական բազմաթիւ տագնապներու եւ հարցերու մէջ: Այս իրավիճակներուն մէջ եկեղեցին կը տագնապէր, որովհետեւ չէր կրնար ինքզինք գտնել եւ ամրապնդել նմանօրինակ վիճակներու մէջ, ինչ որ պառակտում յառաջացուցած էր եկեղեցւոյ մէջ:

Ահա այս իրավիճակին մէջ է, որ Պօղոս առաքեալ կը գրէ Կորնթոսի եկեղեցիի հաւատացեալներուն եւ կը յորդորէ իրենց մշակել «երկայնամիտ սէր»` իբրեւ աշխատանքային մշակոյթ: Այն երկայնամիտ սէրը, որ եթէ մէկ կողմէ կը համբերէ, բայց միւս կողմէ` նաեւ կը փոխէ եւ կը շինէ:

Պատմութիւնն է դարձեալ, որ ինքզինք կը կրկնէ: Այս կրկնուող պատմութեան ընդմէջէն պէտք է տեսնել, թէ Պօղոս առաքեալին յորդորը որքա՛ն կը դառնայ այժմէական եւ կիրարկելի նաեւ այսօր: «Երկայնամիտ սէր»-ը այսօր նոյնքան իրական եւ տիրական անհրաժեշտութիւն է: Այս այն սէրն է, որ կը տոկայ եւ կը շինէ նորը:

Եթէ Պէյրութը, իմա` Լիբանանը, կը սիրենք, այս կը նշանակէ, որ լիբանանցին իր սէրը պէտք է վերածէ փոխելու եւ շինելու գործընթացի` քաղաքական ղեկավարութենէն սկսեալ մինչեւ իւրաքանչիւր քաղաքացի: Երկրին ու հայրենիքին նկատմամբ սէրը ունի պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան նշանակութիւն: Սէր մըն է, որ պէտք է փոխէ եւ նորը շինէ:

«Ո՞վ չի սիրեր Պէյրութը»:

Երեւի չսիրող չկայ: Ալին կը սիրէ, եւ տակաւին, ես ու բոլորս կը սիրենք:

Այսօր անհրաժեշտ է, որ Պէյրութի, իմա Լիբանանի նկատմամբ մեր սէրը վերածենք երկայնամիտ սիրոյ: Այն սէրը, որ կը տոկայ, կը շարունակուի եւ կը փոխէ ու կ՛արտադրէ: Կ՛արտադրէ նորը:

«Ո՞վ չի սիրեր Պէյրութը»:

Ալին եւ անպայմանօրէն` բոլորս: Բոլո՛ր լիբանանցիները: Բայց պէտք է սիրել այն սէրը, որ պիտի փոխէ եւ նոր Պէյրութը պիտի ստեղծէ:

Քուէյթ

21 յունիս 2023 թ.

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դիտվել է՝ 4273

Մեկնաբանություններ