22.05.2019|
17:03
Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»-ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը պատմական Ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հայութեան իւրայատուկ կեդրոններէն մէկուն մէջ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ցեղասպանութեան որբերուն «Մամա»-ն` Մ. Ճէյքըպսընը, ապա անդրադարձաւ յայտագիրին: