24.04.2023|
10:08
«Ամբողջ Եվրոպայի մէջ աշխարհի էն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակավին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամեն վայրկեան ապրեր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրեն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ. մեր՝ ստրկացած թրքահայերուս կյանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու... Անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… Ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պոռտկար աչերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կըխեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել. ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ: Այդ ինչպէ՞ս կուզեք, որ այսպիսի պայմաններու մեջ ժառանգորէն ու բնածինօրէն մեր ամենաանկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ՛ըլլար ու մեր բնական հարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը…»: