19.09.2023|
11:55
Տրապիզոն հասած ֆրանսական շոգենաւ մը կը նստիմ և Մարսիլիոյ գծով Բարիզ կը հասնիմ վերջապէս, յարմար ատենին Մանթաշեանի ծախքով կառուցուած նորաշէն եկեղեցւոյն օծումը պիտի կատարուէր, ճիշդ շաբաթ մը վերջ: Նպատակս էր` առանց մէկու մը գլուխը ցաւցնելու` մասնակցիլ օծման, ուրկէ ետք համոզուած էի թէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը զիս վար կը դնէր, անոր համար` հակառակ վխտացող տիրացուներու… Այսպէս ալ եղաւ: Էգնայեան որ հոգաբարձութեան ատենապետն էր` համեստ ամսական մը առաջարկեց ինձ դպրապետութեան պաշտօնին համար. ստիպուած էի ընդունիլ, և հետս բերած փոքրիկ գումարէն քիչ քիչ ամսականներուս վրայ բարդելով սկսայ ապրիլ, միւս կողմէն ձեռնարկեցի վերջապէս տարիներով երազած ու փափաքած գործիս: Կ՛ուզէի անպատճառ Conservatoire մտնել… սակայն գրեթէ անյաղթելի դժուարութեանց առջև կը գտնէի ինքզինքս. ֆրանսերէն բառ մը իսկ չգիտէի, ոչ ալ գիտակցութիւն ունէի եւրպ. երաժշտութեան, մինչդեռ երաժշտանոցի մրցումներուն մասնացող մը ահագին պատրաստութիւն ունենալու է երաժշտութեան և երգելու արուեստին մէջ…