Տօնական եռուզեռ է ամենուր: Ճանապարհները այնքան են խցանուած ինքնաշարժներով, որ տեղ մը երթալու համար՝ կանուխէն պէտք է որ ճամբայ ելլես: Իսկ շուկաները կը վխտան հոծ բազմութեամբ, պահ մը ենթադրել տալով, որ ձրի ապրանք կը բաժնեն ամենուն: Լաւ է տօնական եռուզեռին ու մթնոլորտին մաս կազմել պահ մը, դիտել շուրջդ յորդող բազմութիւնը, մարդիկ, որոնց միակ մտահոգութիւնը, կը թուի ըլլալ, գնել ու գնել՝ սպառողական հասարակութեան մը յատուկ ընչաքաղցութեամբ եւ անյագութեամբ: Պահ մը կը մտաբերեմ այն հի՛ն-հի՛ն օրերը, երբ մարդիկ քիչով կը բաւարարուէին, քիչով կը գոհանային, միաժամանակ՝ զգալով սրտի ճշմարիտ ուրախութիւն, որ ոգեկան է եւ կապ չունի իրերու կուտակման հետ: