Օգնէ՛ մեզի, Տէ՜ր, օգնէ՛ մեզի, ո՜վ մեր փրկիչ Աստուածը, Քու մեծ անունիդ փառաւորութեան համար.
Տէ՜ր, փրկէ՛ մեզ եւ քաւէ՛ մեր մեղքերը,
Քու սուրբ անունիդ համար:
Փրկէ՛ մեզ տեսանելի եւ անտեսանելի թշնամիներէն: Արժանի ըրէ՛ որ գոհութեամբ փառաւորենք Քեզ, Հօրդ եւ Սուրբ Հոգիին հետ միասին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից:
Ամէն: