Շվեդիայի կառավարությունը դադարեցրել է ուղիղ համագործակցությունը Վրաստանի իշխանությունների հետ՝ երկրում դեմոկրատիայի նահանջի, մասնավորապես, օտարերկրյա գործակալների մասին աղմկահարույց օրենքի ընդունման պատճառով։ Շվեդիայի միջազգային համագործակցության նախարարի փոխանցմամբ՝ Ստոկհոլմը պատրաստ է վերականգնել համագործակցությունը, եթե Վրաստանը կրկին փոխի քաղաքական գիծը, ինչը քիչ հավանական է թվում, քանի դեռ «Վրացական երազանքը» մնում է իշխանությունում։               
 

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ. Վարդապետութիւն բամբասանքի

ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ. Վարդապետութիւն բամբասանքի
02.03.2019 | 16:17

Ստորև ներկայացվող արձակը հատված է լիբանանահայ վաղամեռիկ գրող, մանկավարժ և գրաքննադատ Պետրոս Հերյանի «Եուհու» երգիծական վեպից:

Պ. Հերյանը գրական ծածկանունն է 1954թ. Փետրվարի 15-ին Լիբանանի հայաբնակ Այնճար գյուղում ծնված Պետիկ Հերկելյանի: Նրա գրական ձիրքերը դրսևորվել են դեռևս դպրոցական տարիներից: 1970թ. Լույս տեսած «Յուշամատեան Մուսա լերան» ստվարածավալ գրքում առաջին անգամ անդրադառնում են պատանի Պետիկ Հերկելյանին, որպես խոստումնալից բանաստեղծի:

1972թ. Հրատարակում է բանաստեղծությունների իր առաջին ժողովածուն` «Պատուհանէն դուրս» խորագրով: 1983թ. Լույս է ընծայում իր երկրորդ գիրքը` «Բառը», որն արդեն իսկ կայացած ու հասուն բանաստեղծի քնարական և խոհափիլիսոփայական քերթվածներ է պարունակում: Երրորդ քերթողագիրքը` «Եւ երկիր պագանեմ» վերնագրով հրատարակվեց 1986թ.:

Սակայն որքան էլ անսպասելի թվա, նրբաճաշակ բանաստեղծի տաղանդն ավելի ուժգին դրսևորվեց երգիծական արձակում: Մահվանից մոտ մեկ տարի առաջ գրված «Եուհու» վեպն իրոք նորություն է սփյուռքահայ երգիծական գրականության մեջ: Ընդունենք, որ մեր գրականության արևմտյան հատվածը երգիծանքի ժանրում արևելահայ հատվածից ավելի զորավոր եղավ: Երիտասարդ Պետրոս Հերյանն իր թիկունքում ունենալով Հակոբ Պարոնյանի, Երվանդ Օտյանի, Օննիկ Չիֆթե-Սարաֆի, Շահան Շահնուրի, Նշան Պեշիկթաշլյանի հարուստ ժառանգությունը, ինչպեսև Վահե Օշականի կենդանի ներկայությունը, կարողացավ իսկապես իրենն ավելացնել այդ մեծերի ստեղծածին:

Պետիկ Հերյանը մահացավ 1987թ. Մարտի 10-ին:
Ալեքսանդր Թոփչյան



ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ

Վարդապետութիւն բամբասանքի



Եուհուին նախատեսութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ եւ որոշեալ օրը «Կնոջ Ազատագրութեան Շարժում»ին եւ «Այրերու Փրկութեան Ճակատ»ին գլխաւորութեամբ՝ ժողովրդային երկու ստուարաթիւ հատուածներ համախմբուեցան Քաղաքապետարանի հրապարակը, ուր տեղի պիտի ունենար Եուհուին հռչակաւոր դառնալու կոչուած դասախօսութիւնը՝ «Բամբասանքը» նիւթին շուրջ։

Հակադիր կազմակերպութիւնները տեղ գրաւեցին դաշտին ամբողջ երկայնքին՝ դէմ–դիմաց։ Այրերու խմբաւորումին մէջ նկատելի էին քանի մը արուացած կիներ, իսկ կիներուն մէջ՝ կարգ մը իգականացած այրեր։

Քաղաքապետարանի նուագախումբը հնչեցուց դարերէ ի վեր մոռցուած «Բամբասանք»ի քայլերգը, որուն ոգիի ձայնին անսալով հակադիր ճակատները ոտքի կանգնեցան՝ միանալով յարգանքի գաղափարին շուրջ։

Օրիորդ Փանոսէ Սրբիչեանի օձագալար մարմինը սիգաճեմ բարձրացաւ բեմահարթակ եւ յայտարարեց, որ Եուհուն պիտի ներկայացնէ «Բամբասանքը» նիւթին շուրջ ուսումնասիրութիւն մը, որ պիտի ունենայ միջ–մոլորակային աւարտաճառի զօրութիւն։

Եուհուն ճշդեց, որ իր ուսումնասիրութեան տուած է «Վարդապետութիւն Բամբասանքի» ընդհանուր խորագիրը եւ սկսաւ.

ԱՍՔ ՍՐՏԱԳԻՆ (փոխան յառաջաբանի)

Նկատի ունենալով, որ վերջին տարիներուն Բամբասանքը սկսած է թերագնհատուիլ, իսկ քաղաքացիական պատերազմին առթած սարսափը կը սպառնայ իր ճիրաններուն մէջ սպաննել մեր գոյատեւման պայքարի է հիմնական լծակներէն հանդիսացող այս մէկը եւս, նկատի ունենալով, որ՝

Ի մեծ ուրախութիւն մեղկ ու կրաւորական արարածներու՝ Բամբասանքը սկսած է զգալի նահանջ արձանագրել,

Մենք անհրաժեշտ համարեցինք ձեռնարկելու՝ գիտական հիմերու վրայ պատրաստուած մեր ներկայ աշխատութեան, որ ցարդ իր բացակայութեամբ քաջալեր կը հանդիսանար այս յոյժ կարեւոր մարզի անտեսման տխուր գործին։

Մեր նպատակն ու մտահոգութեան առանցքն է՝ ոչ միայն փրկել ու կենդանի պահել վտանգուած շունչը Բամբասանքի ոգիին, այլ նաեւ վերարծարծել եւ թէժ պահել բոցերը անոր մաքրազտող կրակին, որուն նպաստը անգնահատելի եղած է հին ժամանակներէն ի վեր՝ մարդկային պատմութեան ողջ յառաջընթացին գծով։

Բամբասանքի ներգործօն ուժը, այսպէ՛ս, սիրելինե՛ր, ծանօթ է մեր բոլորին, սկսած Նախնադարէն։ Անոր շնորհիւ, գիտենք, թէ մարդիկ ինչպէս յաջողած են վար բերել վերերէն թռչող յաւակնոտ արարածներ, եւ թէ՝ ինչպէ՛ս Բամբասանքը իր հոգածու թեւերուն վրայ բարձրացուցած է իր հաւատարիմ մշակները, այսինքն բամբասողները, լրիւ հատուցելով այս վերջիններուն ծառայութեան փոխարէն։

Բամբասանքի դժնդակ, երկարատեւ, արիւնալի, այլ հոգեգրաւ պատմութիւնը կ’ուսուցանէ, որ առանց իրեն չկայ մարդկային աշխոյժ փոխ–յարաբերութիւն, եւ թէ՝ որքա՛ն օգտակար է անոր բուժիչ թոյնը՝ անտաշ մարդոց անմշակ հոգիներուն փթթումին ի խնդիր։

Յարգելով հանդերձ Շէյքսփիրի անվիճելի տաղանդը՝ մենք չէինք կրնար սահմանափակուիլ Եակոյի փոխանցած գիտելիքներով, տրուած ըլլալով որ հարկաւոր էր քայլ պահել ներկայ դարու նուաճումներուն հետ, եւ այս վերջիններուն առընթեր անհրաժեշտ էր հարստացնել նաեւ բամբասանքային գիտելիքները եւ իրազեկ դառնալ անոր տակաւին անյայտ կարգ մը թաքուն ծալքերուն։

Առ այդ, աչքէ անցուցինք բազմաթիւ հրատարակութիւններ եւ հետեւեցանք միջադգային լրատու գործակալութեանց հաղորդումներուն, որոնցումէ օգտուեցանք մեծապէս, շնորհակալ ենք։

Հոս, կ’ուզենք նաեւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղել՝ յանուն այս գործի յաջողութեան իրենց ուղղակի կամ անուղղակի մասնակցութիւնը բերած կարգ մը անհատներու, որոնց շարքին՝

Ա.— Հոգիներու բարեբեր աղտեղութեանց բազմամեայ մշակ, մաղձային բազմապիսի նիւթերու եռացող խառնարան, մարդկային խորախորհուրդ բարդոյթներու շիկացած կեդրոն, մեղկ ու լճացած կեանքի ահազանգային եռուզեռ, իտէալական տեսիլներով հրդեհուած շրջուն հնոց, յաջող դաւադրութիւններու արհեստավարժ մասնագէտ, տգեղ երեւոյթներու ներհուն քննաադատ, հետաքրքրական ենթադրութիւններու անսպառ աղբիիւր, անհատական պառակտումներու չպեղուած, այլ հարուստ հանքավայր, հոգեշահ քինախնդրութիւններու կենսատու սերմ, բարեկրթութեան լպրծուն կատակներուն վրայ շաչող մարդկային զիլ կանչ, հրապարակային գըզւըռտուքներու աննահանջ ռահվիրայ, համաշխարհային դարաւոր ատելութեանց կենդանի խորհրդանիշ, բուի ահազանգային վայոց, կաչաղակներու սրաթռիչ թեւ, ճիւաղային սոսկատեսիլ կերպարանք, կիրքի, ցուցամոլութեան եւ կասկածի անձնուէր առաքեալ, յանուն բամբասանքի ընդհանրական փառքին իր սեփական ընտանիքը զոհած, երբեմնի վաստակաշատ եւ այժմու թափառական գործիչ՝ տիկին Ձկնաբերան Թութեան ծնեալ Ֆըլֆըլիկեանին, որ քիչ մնաց բամբասանքի ապերախտ ճամբուն վրայ իր անձը զոհէր, երբ անոր գոռոզ ամուսինը իր իսկ անճարակութեան շնորհիւ, փոխանակ թանկագին տիկին Ֆըլֆըլիկեանին վրայ կրակելու, սխալմա՞մբ թէ դիտմամբ՝ կրակեց ինքն իր վրայ եւ ... անձնասպան եղաւ։ Աստուած անոր ... ապականած հոգին լուսաւորէ։ (Մինչեւ այսօր տակաւին, երբ տիկին Ձկնաբերան մտաբերէ այդ չարաղէտ դէպքը, անոր մարմարեայ ուսերը կը ցնցուին յուզումէն, ան կը բարձրացնէ տիպար բամբասողի մը վայել՝ սրտաճմլիկ աղաղակ մը եւ կը սկսի լալ... ուրախութենէն, յիշելով այդ ահաւոր արկածէն իր անվնաս փրկութիւնը...):

Բ.— Անձնական հարցերը ազգային հարցերու վերածելու մասնագէտ, բամբասանքային գիտութիւններու թեկնածու, հոգեկան ախտագին երեւոյթներու դասախօս՝ դոկտ. փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանին, որ եթէ զբաղած չըլլար բամբասանքային անյետաձգելի աշխատանքներով, փոխանակ հանրային ձախող գործիչ մը ըլլալու՝ կրնար յաջող վաճառական մը ըլլալ այսօր:

Զուր չէ, որ մեր յարգելի դոկտորը Ս. Էջմիածնի հետ կը շփոթէր Կեդրոնական Դրամատունը, ամէն անգամ որ երկիւղածօրէն կ’անցնէր անոր մօտէն, իր յոգնատանջ ուղեղին եւ հոգիին մէջ ահեղ մարտեր մղելով իր ոսոխներուն դէմ:

Մոռցած իր բուն մասնագիտութիւնն ու առօրեայ ճղճիմ մտահոգութիւնները, անցնելով զրպարտութիւններու տաք ու պաղ քուրաներէն եւ բաւիղներէն եւ թրծուելով իբրեւ հմուտ բամբասող, մեր հանրային աւերակներուն մէջ եկաւ կանգնեցաւ դոկտ. փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանը, իբրեւ լճացած կեանքի պարարտ ծանծաղուտ...:

Ժամանակի ընթացքին, երախտարժան փրոֆեսէորը յօրինեց բամբասանքային այնպիսի երգեր, որոնց ի լուր կը փշաքաղուէր մարմինը բազմաթիւ կիներու, եւ էգերուն կարգ մը յատկանշական գիծերը լաւապէս իւրացուցած արուներուն։

Չհաւատալով դասակարգային խտրութեան, այլ ձախողելով ամբոխը բարձրացնել իր մակարդակին՝ ինք իջաւ ամբոխի աստիճանին, համեստօրէն։

Գ.— Բանաստեղծ, դերասան, խմբագիր, թատերագիր, գրագէտ եւ քննադատ Փիլիպպոս Սնոտիին, որ երկարատեւ տարիներու տքնաջան աշխատանքէ ետք, յաջողեցաւ քննադատութիւնը բարձրացնել... բամբասանքի մակարդակին, եւ գրական մեծ դէմքերու անունին շուրջ գայթակղութիւններ ստեղծելով՝ իր հերթին դարձաւ մեծ դէմք մը... բամբասանքի ասպարէզին մէջ։

Կեանքին մէջ գործեց իբրեւ դերասան, բեմին վրայ իբրեւ ոչ–դերասան եւ թէեւ թատրերգութիւն չգրեց երբեք, բայց մենք զինք նաեւ թատերագիր կը նկատենք՝ շրջապատին ու գրականութեան մէջ ունեցած իր թատերական ելոյթներուն համար...։

Ան բանաստեղծութեամբ ալ չզբաղեցաւ, բայց մենք արդարօրէն զինք բանաստեղծ կը նկանենք՝ իր արձակ էջերուն մէջ վխտացող, այլ ռոմանթիքներու շրջանը յիշեցնող քնարերգական իր զեղումներուն համար, որոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն՝ բամբասանքի մեր բառամթերքին մեծապէս նպաստող, եւ իգական սեռին նախանձը շարժող բազմաթիւ բացագանչութիւններ, ինչպես, օրինակ՝ «Ա՜–ա՜խ–ո՜ւխ»ը, «ղէ՜–ղա՜–ղուն», «չէ–չում–չեմ»ը, «պում–պում–պում»ը, «տանկ–տանկ–տանկ»ը, «վայ-վույ–վէ»ն, «թո՜ւ»–ն եւ «օ՜ֆ»ը։

Շրջապատուած ըլլալով դաւադիր, սնամէջ, ամբարտաւան եւ ապերախտ նորելուկներով՝ Փիլիպպոս Սնոտին քանից երերաց իր բարձր դիրքին վրայ (ուր բարձրացած էր յուսատու նորերու գրական փորձերուն վրայ կոխելով) եւ քիչ մնաց որ տապալէր, եթէ երբեք անոր պատուանդանը կառուցուած չըլլար՝ տարիներու փորձառութեամբ եւ անհուն զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած բամբասանքային ամուր շաղախով։

Միւս կողմէ, փոխանակ պարկեշտութեան միջոցով անձնապէս բարձրանալու դժուարին ուղին ընտրելու, բամբասանքի միջոցով ուրիշները... ցածցնելու դիւրին եւ շահաւէտ ճամբան ընտրեց, խոհեմաբար։

Տրուած ըլլալով, որ Փիլիպպոս Սնոտիին քաջ ծանօթ է մեր հասարակութեան ծանծաղ մտայնութիւնն ու հարցերը մակերեսէն դիտելու սովորութիւնը, ան փոխանակ Խորքին՝ կարեւորութիւն ընծայեց Ձեւին, եւ շողշողուն բառերու ետին թաքնուած՝ իր խեղճութիւնը իբրեւ ինքնավստահութիւն, եւ իր եսը իբրեւ անհատականութիւն յաջողեցաւ ներկայացնել ժողովուրդին։

Իր գրական պարբերաթերթը անձնական հաշիւներու մաքրագործման բեմի վերածելով՝ վտանգաւոր բազմաթիւ մրցակիցներէ եւ երէցներուն հանդէպ յարգանք չունեցող եւ մարդակերտ իր կաղապարը հանդուրժել չուզող բազմաթիւ նորերէ փորձեց մաքրագործել մեր Գրական Տաճարը, որուն գաւիթին մէջ կոչուած էր վարպետ լումայափոխ մը ըլլալու...:

Ճիշդ է, որ գրական եւ դերասանական իր ելոյթներուն կողքին զբաղած ըլլալով նման հոգեպարար գործերով՝ առիթ չունեցաւ գրական կամ բեմական դէմք մը ըլլալու, բայց վստա ենք, որ իբրեւ տիրական բամբասող ան պիտի յիշուի մեր գրական եւ թատերական պատմութեան մէջ...:

Բամբասանքի իր ընդունակութիւնը ան պտըտցուց իրեն հետ ամէնուրեք՝ Կեանքին ու Գրականութեան մէջ եւ յոգնած ու ուժասպառ, լուտանքներու բեռան տակ կքած, այլ յաղթականօրէն հասաւ մեր օրերուն եւ հպարտօրէն բախեց... մեր աշխատութեան դուռները։

Կրկին շնորհակալութիւն՝ բամբասանքի ազատ ասպարէզի պաշտօնակիցներ՝ տիկին Ֆըլֆըլիկեանին, Պաղտասար Հերոսեանին, Փիլիպպոս Սնոտիին եւ բոլոր անոնց, որոնք բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս (իրենց լեզուով), օժանդակեցին մեր ներկայ աշխատութեան իրագործումին...։

Ա.— ԾՆՆԴՈՑ

Հինաւուրց զրոյց մը կայ, որուն համաձայն՝ հի՜ն– հի՜ն դարերուն, երբ տակաւին կենդանութիւն գոյութիւն չունէր Աշխարհի վրայ՝ Բամբասանքը որբ ու անտէր կը թափառէր Տիեզերքի ոլորտներուն մէջ, փնտռելով հանգրուան մը, ուր կարենար իջեւանել, եւ տաքուկ բոյն մը, ուր կարելի ըլլար աճիլ եւ բազմանալ։

Բամբասանքը նախ դիմեց հրեշտակներուն, որոնք չկարենալով գնահատել անոր իսկական արժէքը՝ մերժեցին զինք կտրականապէս։

Այնուհետեւ, անիկա սպասեց համբերատարութեամբ, սպասեց երկա՜ր, եւ երբ Աշխարհը հիմնուեցաւ՝ աղբիւրները (գլգլացին, ծաղիկները ժպտեցան, թռչունները գեղգեղեցին, գազանները ոռնացին եւ մարդիկ բարբառեցան, վերջ տալով իր թափառական կեանքին՝ Բամբասանքը երկիր ինջաւ, եւ մերժուելէ ետք աղբիւրներէն, ծաղիկներէն, թռչուններէն եւ գազաններէն (որոնք սիրով կ’ընդունէին զինք, բայց դժբախտաբար խօսիլ չէին գիտեր)՝ Բամբասանքը դիմեց Մարդուն, եւ Մարդը, մարդկային իր համակ գուրգուրանքը ի գործ դնելով՝ թեւատարած ընդունեց զինք իր գրկին մէջ, եւ եղաւ սէր ու միութիւն Մարդուն ու ... Բամբասանքին միջեւ։

Եւ Մարդը, սնելով Բամբասանքի անսպառ ակէն, իբրեւ երախտագիտական արտայայտութիւն՝ անոր տրամադրութեան տակ դրաւ իր առաձգական լեզուն, որ կարճ ժամանակի ընթացքին գործեց հոգեկան եւ ֆիզիքական այնպիսի՛ աւերներ, որոնց ի տես՝ նախանձը շարժեցաւ հրոսակային արշաւախումբերուն։

Տեսնելով այս հրաշքը՝ Մարդը կրկնապատկեց իր հոգածութիւնը Բամբասանքին հանդէպ եւ լայն բացաւ իր հոգիին թաքնաթաքուն ծալքերը անոր առջեւ։ Բամբասանքը իր առաջին բոյնը կազմեց Մարդուն հոգիին մէջ եւ, ինչպէս որ «դրամը դրամ կը բերէ» կ’ըսեն եւ ... թերութիւնը՝ թերութիւն, այդպէս ալ Բամբասանքը բերաւ Բամբասանք, որ աճեցաւ եւ բազմացաւ ամէնուրեք, ուր մարդ արարած գոյութիւն ունէր: Եւ, ի վերջոյ հասնելով մեր օրերուն՝ մեծ իրարանցում եւ աշխուժութիւն բերաւ մեր կեանքին։

Այնուամենայնիւ, անյայտ կը մնայ այն իրողութիւնը, թէ ո՞վ առաջին անգամ փոխանակ անձնապէս ճիշդ բան մը ընելու մասին մտածելու (եսասիրաբար), ուրիշին սխալը փնտռելու անանձնակեդրոն մոլուցքէն տարուած է։ Ո՞վ է այն երախտարժան էակը, որ դարձաւ առաջին հեղինակը Բամբասանքի այս եզակի վարդապետութեան՝ անյայտ կը մնայ։

Դժբախտաբար, հին ժամանակներէն մնացած ո՛չ մէկ սեպագիր արձանագրութիւն կամ մագաղաթ կրնայ յստակ գաղափար մը տալ մեզի, այս մասին։ Բայց, եթէ հաւատանք ժողովրդային լեգենդին՝ անիկա ի յայտ եկած է Մարդու ծագումին հետն ի՛սկ եւ արեան ընդմէջէն՝ սերունդէ սերունդ անցնելով հասած է մեզի, դառնալով մէկ անբաժանելի մասնիկը մեր մարդկային էութեան:

Ամէն…

Բ.— Ի՞ՆՉ Է ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԸ

Առանց յաւակնութիւն ունենալու, որ կրնանք սպառիչ պատասխան մը տալ վերի հարցումին, եւ նկատի ունենալով տարբեր հանգրուաններու, պայմաններու, միջավայրերու եւ ժողովուրդներու մօտ վայելած անոր յարափոփոխ հանգամանքը, ընդհանուր գիծերու մէջ կրնանք եզրակյացնել, որ Բամբասանքը ժողովրդային բանահիւսութեան այն ճիւղն է, որ, թատրոնին նման, տարբեր եւ բազմաթիւ արուեստներ կը խտացնէ իր մէջ, ինչպէս՝ դերասանութիւն կամ կապկում, ասմունք կամ բացագանչութիւն, լոյսի կամ... աչքերու խաղ, մաքիաժ կամ այլանդակութիւն, պար կամ ցատկռտուք, ստեղծագործական երեւակայութիւն կամ ցնորք։

Սերտ կերպով առընչուելով հանդերձ ժամանակային Արուեստին հետ՝ Բամբասանքը կարելի է կոչել նաեւ գիտութիւն, տրուած ըլլալով, որ այս մարզին մէջ լուրջ արդիւնքի մը կարենալ հասնելու համար՝ հարկաւոր է սորվիլ բազմաթիւ առածներ, առակներ, ժխտական ածականներ, անէծքներ, հայհոյանքներ, բացագանչութիւններ, դիմախաղեր, հառաչանքի ... շնորհալի ձեւեր եւայլն...:

Բամբասանքը մեր փոթորկած հոգիներուն խաղաղութիւն պարգեւող այն բալասանն է, որուն դժոխային գործիքը կը կոչուի Լեզու, առանց որուն չկայ բամբասանք եւ առանց բամբասանքի չկայ հանրային կեանք։ Եթէ Բամբասանքի ճամբուն վրայ պէտք եղածին չափ չարչարուած ու մարզուած է այդ գործիքը, ապա, անոր միջոցով Բամբասանքը կրնայ վերածուիլ արարողութեան եւ իսկապէ՛ս կը բաձրանայ արուեստի ջինջ կատարին։

Ամփոփելով կրնանք ըսել, որ Բամբասանքը Արուեստի ճիւղ մըն է, Գիտութեան երակ մը, արարողութեան գիծ մը եւ հոգեկան ... բիծ մը:

Բամբասանք իբրեւ անարատ ծնունդ կը սերի Նախանձէն, Ոխէն, Ատելութենէն, Ստորակայութեան բարդոյթէն, ... թաղումներէն, հարսանիքներէն, ժողովներէն, եւայլն, եւ բամբասող ենթակային վրայ անոր ազդեցութիւնը կ՚ըլլայ երանական, ինչպէս ծխախոտը՝ ծխամոլին, ալքոլը՝ ալքոլիքին եւ սեռային (ապօրինի) յարաբերութիւնը՝ կնամոլին վրայ...:

Հոս զանց կ՚առնենք Ստ. Մալխասեանցի «Հայերէն Բացատրական բառարան»ի տուած մեկնաբանութիւնը Բամբասանքի մասին, տրուած ըլլալով որ անիկա բաւական վար կը մնայ, սեփական փորձառութեան վրայ հիմնուած մեր տեսակէտէն։ Անմիջապէս յայտնենք, սակայն, մեր դիտողութիւնը՝ «Բառարան»ի հեղինակին, որ կ’ըսէ, թէ «Բամբասանքը պարապ մարդկանց բանն ու փէշակն է»։ Եթէ Փաւստոս Բիւզանդ ողջ ըլլար՝ պիտի նկատէր անշուշտ, որ Ստ. Մալխասեանց կրնար լուրջ բառարանագէտ մը ըլլալ, սակայն երբե՛ք՝ լուրջ բամբասագէտ մը...:

Վերադառնալով բուն հարցին, պարզենք թէ Բամբասանքը կը բաժնուի երկու գլխաւոր խումբերու.

Ա.— Ուղղակի Բամբասանք, որ հատու, կծու եւ թունալից բառերով կ’արտայայտուի, եւ փոխանակ անկեղծութեան վախկոտ միջոցին դիմելու՝ կը կեղծէ քաջաբար:

Բ.— Անուղղակի Բամբասանք, որ փոխանակ յիմարաբար դրական իրականութիւնը նշելու, անոր ժխտական ըլլալու մասին կասկածներ կ’արթնցնէ, դիմելով հետեւեալ ճկուն բառերուն. «Կ’ըսեն թէ», «կրնայ ըլլալ», «բայց», «թերեւս», «հաւանաբար», «ամէն պարագայի», «եղեր», «եղեր է», եւայլն։

Բամբասանքին տեսակներն են.

Ա.— Բացայայտումը անցեալին մարդկօրէն գործուած սխալի մը, զոր կարելի է յիշեցնել՝ պայքարելով ժամանակի մաշումին դէմ, ամէն անգամ՝ որ առիթը ներկայանայ...:

Բ.— Չափազանցութիւնը աննշան թերութեան մը, որ կրնայ պէտք եղած աւերը չգործել, եթէ նոյնութեամբ յայտարարուի։

Գ.— Բոլորովին անգոյ արարքի մը յօրինումը, որ դժուարինը, վտանգաւորը, այլ ամէնէն հաճելին է...։

Վերջացնելէ առաջ, դիտել տանք որ Բամբասանքին օժանդակ տարրերն են ֆիզիքական առողջութիւնը, հոգեկան կորովը, ժամանակի գոյութիւնը, բարձր տրամադրութիւնը, կիրքը, չարափոխութիւնը, չարախնդութիւնը, սուտը, քմծիծաղը, սուլոցը եւ ... առատ թուքը...:

Գ.— ԻՆՉՊԷ՞Ս ԲԱՄԲԱՍԵԼ

(Կարգ մը բժշկագիտական եւ հոգեբանական թելադրութիւններ)

Ձեր բարձր անձնաւորութեան գեղագիտական նշանակութեան եւ երբեմն ալ ... ճանկռտելու տխուր գործին ծառայելու կոչուած ձեր սո՜ւր-սո՜ւր եղունգները, առաջին հերթին պէտք է ի գործ դնէք ձեր չարչարուած, այլ անհուն գորովի կարօտ լեզուն յեսանելու համար, նախքան աշխատանքի սկսիլը. այսպէ՛ս, ուղի՛ղ դիրքի վրայ պէտք է կենաք հայելիին դիմաց, դուրս հանէք ձեր խայթող լեզուն, զայն երկարէք, կլորցնէք եւ պրկէք, տալով անոր սրածայր ածելիի շեղբի ձեւ, ապա պէտք է յղկէք եւ յեսանէք զայն ձեր եղունգներով, եւ ամենայն խնամքով...։

Ամէն առաւօտ կանուխ, նախքան ձեր առաքելութեան լծուիլը, երբ ձեր տան ամէնէն պիտանի «կահ–կարասիներէն» մէկը՝ այսինքն ձեր ամուսինը վերջապէս տունէն դուրս գայ գործի երթալու համար, դուք իբրեւ հանապազորդ սնունդը ձեր արհեստին՝ պէտք է կատարէք այս ու նման արարողութիւններ...:

Այսպէս, լուծելէ ետք լեզուին դժուարին հարցը, ծանր ու թեթեւ մարձումի ենթարկեցէք ձեր հագագը, ոտքի վրայ, առանց հեռանալու դիմացէն հայելիին, որուն մէջ նայեցէք ուղի՛ղ ձեր աչքերուն, կիտելէ ետք ձեր յօնքերը իբրեւ չարակամք վհուկ, վստահ ըլլալով, որ հայելիին մէջ գտնուող ձեր անձը ձեր իսկական թշնամին է…:

Այս բոլորը՝ անշուշտ իորձի համար, փորձ մը, որ ձեզի պիտի ներշնչէ հոգեկան բարձր կորով եւ ինքնավստահութիւն։

Յետոյ, պէտք է երկննաք մահճակալին վրայ, ձեր ոտքերէն մէկը՝ հորիզոնական, իսկ միւսը՝ հակօդային հրթիռի նման դէպի երկինք տնկուած։ Ապա, նոյն ուղղութեամբ պէտք է պարզէք ձեր գոյգ ձեռքերը, իբրեւ Անէծքի թեւեր։

Նմանօրինակ մարզանքներէ ետք, ձեր թանկագին գանկը օծելէ առաջ՝ անուշահոտ իւղերուն մէջ խառնեցէք քիչ մը քացախ եւ մկան դեղ, որպէսզի տիպար բամբասողի հոտ գայ ձեր վրայէն...։

Տունէն դուրս գալէ առաջ, ընդունեցէք բաժակ մր պտուղի հիւթ (օրինակ՝ նարինջի, պանանի եւայլն...), ապա բաժակ մը սուրճ առանց շաքարի (պէտք է զգոյշ ըլլաք ձեր մարմինին շաքարին յաւելումէն, որուն մեծապէս կը նպաստէ ջղագրգիռ բամբասանքը...), մէկ-երկու «փանատոլ» կամ «Ասփիրին», մէկ դգալ «Մաալոքս» եւ «Փենիսելին» ասեղ մը՝ պաշտպանուելու համար ախտերուն դէմ անոր, զոր պիտի բամբասէք...

Այս ձեւով, արագանալով ձեր արեան շրջանառութիւնը՝ ձեր միտքը եւ պիտի գործէ յստակ, միաժամանակ զերծ պիտի մնաք գլխու հաւանական ցաւերէ եւ սիրտխառնուքէ, որ կրնան առաջանալ բամբասանքի ճամբուն վրայ...։

Եթէ պատահի, որ յաջորդական այցելութիւններուն ընթացքին շատ սուրճ խմելէ ձեր բերանը չորնայ, «արեան շրջանառութեան» ռազմավարութիւնը փոխելով՝ թէյ մը խնդրեցէք։ Մեկնելով իմ աձնական փորձառութենէս կը վկայեմ, որ այս ձեւով պիտի փարատի չորութիւնը բերնին եւ պիտի քանդուին կապանքները լեզուին, նոր առիթ մը շնորհելով ձեզի, ձեր գործը նոր թափով առաջ տանելու գծով...:

Հուսկ, կը մնայ ամէնէն վտանգաւոր եւ նուրբ խնդիրը՝ բամբասանքին հետ մօտէն շփուող մաղձի եւ նախանձի հարցը, որուն շուրջ բադմաթիւ հոգեբաններ սկսած են արտայայտուիլ վերջերս։

Արդարեւ, Տրդատ Մուրատեան (դոկտ. փիլիսոփայության) կը հաստատէ թէ՝ «շատ անգամներ, պարզ նախանձը կրնայ վերածուիլ հիւանդագին նախանձի, որ նորնիսկ կրնայ ոճիրներ գործել» («Կիներու հոգեբանութիւնը», Հալէպ, 1983, էջ 89)։

Միւս կողմէ, նկատի ունենալով որ բամբասանքը ատելութիւն կ’ենթադրէ եւ ատելութիւնը մաղձ կ’արտադրէ մարդու մարմնին մէջ, արեւմտեան յայտնի հոգեբան Փօլ Փէյճընթ զգուշացնելէ ետք, որ չափազանց առատ ըլլալու պարագային՝ մաղձը կրնայ սխալ տեղ կաթիլ եւ ենթակայի մահուան պատճառ դառնալ, կը յայտարարէ թէ՝ «Ատելութիւնը կրնայ սպաննել մարդը»։

Այրերուն մոլութիւնները լաւապէս իւրացուցած յարգելի կինե՛ր եւ կիներուն շնորհալի կարգ մը յատկութիւնները յաջողապէս ընդօրինակած այրե՛ր։

Շա՛տ լաւ.

Պահ մը ենթադրենք, թէ ճի՛շդ են դոկտ. Մուրատեանի եւ Փօլ Փէյճընթի հաստատումները. ապա ի՛նչ ընենք մենք՝ բամբասողներս. ինչ որ թէական ոճիրի մը կամ սխալ տեղ կաթող մաղձի մը համար հրաժարի՞նք մեր Նախանձէն եւ Ատելութենէն (որոնք այնքա՜ն կարեւոր են Բամբասանքի բարգաւաճման համար), թէ ամէ՛ն պարագայի ջանանք պահպանել անհուն զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած մեր նուաճումներն ու բամբասողի մեր հռչակը, քաջաբար շարունակելով մեր սկսած ուղին...։

Ի՛նչ խօսք, որ մեր նախընտրութիւնը կ՚երթայ երկրորդին՝ այսինքն շարունակել սկսուած գործը, առանց խնայելու մաղձ, նախանձ եւ ատելութիւն, իսկ եթէ դէպքերու. չարաղէտ զարգացումով երբեմն նախանձը հասնի հիւանդագին աստիճանի, մաղձը սխալ տեղ կաթի եւ ոմանք իյնան կէս ճանապարհին՝ Աստուած անոնց հոգին լուսնաւորէ…

Մեզի կը մնայ պարզապէս զգոյշ ըլլալ եւ մաղթել, որ մաղձն ու նախանձը փոխանակ մեր սեփական մարմնին մէջ՝ կաթին բամբասուողի անզգամ ու կարծր գլխուն վրայ...։

Դ.— ԻՆՉՈ՞Ւ ԲԱՄԲԱՍԵԼ

Տեսանք, սիրելիներ, թէ ի՛նչ ահաւոր բան է, երբ մարդ մեծ քանակութեամբ մաղձ կը կրէ իր մարմնին ու հոգիին մէջ։ Հետեւաբար, բամբասել՝ նախ այդ մաղձը դուրս թափելու եւ ձեր փոթորկայոյզ հոգիներուն խաղաղութիւն պարգեւելու համար...:

Գիտէ՞ք նաեւ, թէ ի՛նչ անտանելի բան է, երբ ձեր շրջապատին ամբողջ կեղտը կուտակուած է ձեր սեփական հոգիին մէջ, որմէ դուրս գալու ելք կը փնտռէ ու չի գտներ, եւ կարծէք թէ պիտի պայթիք ու չէք պայթիր…: Եւ որպէսզի չպայթիք՝ այդ անտանելի կեղտը փոխանակ ձեր հոգիին մէջ պահելու, Բամբասանքի միջոցով զայն իբրեւ ... մանանայ կրնաք բաշխել ձեր շուրջիններուն։

Յետոյ, բամբասել՝

Ձեր խռովայոյզ կիրքերուն գոհացում տալու, մարդկային ձեր թաքնաթաքուն բարդոյթները փարատելու եւ Բամբասանքի արդար փառասիրութեան գոհացում տալու համար (Ֆրէօյտ կ՚ըսէ, թէ գրողը ջղագար մըն է, որ գրելու միջոցով գոհացում կու տայ իր սնափառութեան, իսկ մենք գիտենք թէ՝ բամբասողը ո՛չ իբրեւ ջղագար, ո՛չ իբրեւ սնափառ եւ ոչ ալ իբրեւ արուեստագէտ ետ կը մնայ գրողէն...)։

Բամբասել նաեւ՝

Ձեր յանցանքը ուրիշին գործած յանցանքով ծածկելու համար,

Բամբասե՛լ, ո՜վ տառապեալներ, բամբասել՝

Սեփական մտահորիզոնը ընդարձակելու համար, ուրիշին ունեցած կամ չունեցած թերութիւններուն մասին խօսելով՝ ձեր ունեցած կամ չունեցած առաւելութիւնները անուղղակիօրէն ընդգծելու համար,

Բամբասել՝

Տառապանքով եւ զրկանքներով լի այս աշխարհին մէջ՝ գէթ Բամբասանքի հաճոյքէն չզրկուելու համար,

Ձանձրախտով ծանրաբեռն այս կեանքին մէջ, ձեր ձանձրոյթը փարատելու համար...։

Տարբեր սեռերու պատկանող էգե՛ր.

Եթէ ճիշդ է այն վարկածը, որ առանց մոլութեան մարդ չըլլար, ապա փոխանակ իյնալու կարգ մը յոռի մոլութիւններու (ինչպէս՝ որկրամոլութիւն, ալքոլամոլութիւն, խաղամոլութիւն, ցուցամոլութիւն, իգամոլութիւն, արուամոլութիւն... ընթերցամոլութիւն, գրամոլութիւն եւ այլն...) մէջ, պէտք է անընդհատ բամբասել՝ դաստիարակիչ մոլութեան մը ի խնդիր։

Հաւաքականութեան մը վարկով նախանձախնդիր ոեւէ անհատ պէտք է բամբասէ (որուն ընթացքին բերնէն ցայտող փրփուրով հարկ է օծել դիմացինին դէմքն ու ականջները...)՝ ընկերութեան անբռնաբարելի սահմաններէն հեռացնելու համար բռնաբարման արժանի ... անհատական թշնամիներ...։

Բամբասել, սիրելինե՛ր, բամբասել՝

Մեր տխուր կեանքը չէնցնելու համար,

Մարդկային մեղկ ու ամուլ համերաշխութիւնը խնդրայարոյց բանավէճերով փոխարինելու համար,

Ինչպէս նաեւ՝

Փոխանակ ձեր սեփական ջիղերը քայքայելու՝ սխալ հիմերու վրայ դրուած կարգ մը ընտանիքներ քանդելու համար...։

Ե.— Ո՞Վ Է ԲԱՄԲԱՍՈՂԸ

Ո՞վ չի վախնար բամբասողէն, որ համակրելի, բարեհամբոյր եւ պարիկային ձգտումներով, յանուն ուրիշներու բարիքին՝ իր սեփական անձին միա՛յն չարիք հասցուցած, զրկեալի եւ տառապեալի դէմքով, այլ իր ձայնալարերուն հանդէպ հաւատքով լի, խոր ու մելամաղձոտ աչքերով, համոզիչ եւ թաւշային ձայնով, բարոյախօսութիւնը իր անբարոյ արարքներուն քողին վերածած, իր աւերակ, այլ աւերիչ հոգիին մէջ չարագուշակ հազար ահազանգ հնչեցնող այն նուիրեալն է, որ իր կեանքի ամէնէն ճգնաժամային պահերուն իսկ Բամբասանքի դառն բաժակը գիտէ բարձր պահել, յանուն բամբասելու քաղցր հեշտանքին...։

Այս բոլորը, սակայն, չեն բաւեր որ մարդ անարդար բամբասողի արդար անուն մը շահի. նման մակարդակ նուաճելու եւ այդ փնտռուած տիտղոսին կարենալ տիրանալու համար, իբրեւ ուղեցոյց ունենալէ ետք, բամբասանքային պատմութեան մեզի ծանօթ յարգելի դէմքեր՝ բամբասանքային գիտութիւններու արժանաւոր թեկնածու՝ դոկտ, փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանի, բամբասանքային գրասենեակներու ցանցի մը երբեմնի տէր եւ տնօրէնուհի, այլ այժմու թափառական գործիչ՝ տիկին Ձկնաբերան Թութեանի, եւ հաղորդական դերակատարութիւնը անհաղորդ ասմունքի, արծաթին հունչը կոմիտասեան երաժշտութեան, մեկենասները՝ Ոսկեդարու մատենագիրներուն, եւ գրականութիւնը թուաբանութեան հետ շփոթած՝ քննադատ–դերասան Փիլիպպոս Սնոտիի պայծառ օրինակները, ենթակայ բամբասողը կարելի եղածին չափ պէտք է խուսափի բամբասանքի հնամաշ եւ սովորական ձեւերէն եւ հաւատարիմ մնալով հանդերձ անոր հարուստ աւանդութեան, իր սեփական անձին իւրայատուկ դրոշմը պէտք է դնէ տարուող աշխատանքներուն վրայ, միաժամանակ բամբասանքի նոր աւիւն եւ ոգի ներշնչելով նորահաս սերունդներուն...

Իսկական բամբասողը բամբասանքի թեքում ունեցող բազմամիլիոն հասարակ սիրողներէն պարզապէս կը տարբերի իր մոլեռանդ կեցուածքով եւ մինչեւ իսկ մահուան գնով չի հրաժարիր իր էութենէն եւ չի՛ դաւաճաներ իր բարձր կոչումին։

Ան կը բամբասէ ոեւէ մէկուն ներկայութեան, ոեւէ մէկուն հասցէին։

Նախանձախնդիր բամբասողը, իր առաքելութիւնը կարենալ յաջողցնելու համար, յանձն կ’առնէ բազմաթիւ զոհողութիւններ, որոնց կարգին՝

Ա) Ֆիզիքական,— տրուած ըլլալով որ ենթակայ դործիչին ֆիզիքական առողջութիւնը պիտի տուժէ, երբ այն իր համակ ուժականութիւնը ի գործ դնելով՝ շարժումի պիտի մղէ եւ յոգնեցնէ բազմաթիւ օրկաններ, ինչպէս՝ լեզուն, ուղեղը, մազերը (որոնք դուրս գալով իրենց բնականոն վիճակէն՝ պիտի տնկուին յանկարծ), խռչափողը, հագագը, թոքերը, աչքերը եւ, մէկ խօսքով՝ մարմնին գրեթէ բոլոր անդամները, բացի ականջներէն, զորս գործածելու պէտք պիտի չունենայ...։

Բ) Հոգեկան,— այն տարբերութեամբ, որ ֆիզիքական առողջութեան սպառնացող վտանգէն զերծ է այս մէկը, նկատի ունենալով որ բամբասողին հոգեկան առողջութիւնը արդէն սկիզբէն խանգարուած կ’ըլլայ...։ Միւս կողմէ, սակայն, ան իր հոգիին լոյսը պիտի քամէ, իր մութ կիրքերուն թաքուն ծալքերը լուսաւորելու համար...։

Գ) Ժամանակային,— տրուած ըլլալով, որ առօրեայ ընթացիկ աշխատանքներէն, բոլոր տաղտուկներէն եւ յոգնութիւններէն ետք, իր ցանկալի հանգիստը խանգարելով՝ նոր ժամանակ պիտի զոհէ, կարելի եղածին չափ ունկնդիրներ պիտի ճարէ, շուտ, շատ եւ շիտակ արդիւնքներու հասնելու համար...։

Դ) Նիւթական,— տրուած ըլլալով, որ ընտանիքի առօրեայ ապրուստէն, երեխաներու կաթէն եւ կրթաթոշակէն կտրելով՝ նիւթական յատկացումներ պիտի կատարրէ այս գործին համար, նկատի ունենալով, որ դժբախտաբար ցարդ գոյութիւն չունի բարեսիրական հաստատութիւն մը, որ յանձն առնէ գոնէ հեռաձայնային եւ երթեւեկի ծախսերը վճարել՝ յարգելի բամբասողներուն։

Այս բոլորէն ետք, երբ հակառակորդներուն ցանկը սպառի՝ հաւատացեալ բամբասողը իր պարտականութիւնը աւարտած չի համարեր, այլ, ընդհակառակն՝ նոր թափով կը սկսի տարտղնել՝ այս անգամ ... բարեկամներուն եւ մտերիմներուն ցանկը...։

Տակաւին, իր ազնիւ առաքելութեան գիտակից ոեւէ լուրջ բամբասող, որեւէ ատեն, որեւէ տեղ կը նետէ Բամբասանքի կենսատու սերմը, այն հաստատ համոզումով, որ օր մը անպայման պիտի ծլի անիկա եւ արդիւնքը պիտի ըլլայ մեծ, այսինքն՝ «հասկ» մը չարախօսութեանց, իսկ չծլելու պարագային՝ վնասը ոչինչ է ... պարզապէս բառ մը, կամ՝ շատ–շատ՝ նախադասութիւն մը...։

Եւ, վերջապէս, իսկական բամբասողը այն անմարմին էակն է, որ նիւթական ոչ մէկ շահ կ’ակնկալէ իր տարած աշխատանքներուն համար, եւ կը գոհանայ՝ ուրիշներու վարկաբեկման եւ կործանման առթած հոգեկան անհուն բաւականութեամբ...

Ո՞վ չ’ուզեր ըլլալ տիպար բամբասող…

*

* *

Նկատի ունենալով, որ կէս գիշերը անց էր եւ ռումբեր սկսած էին իյնալ շրջակայքը դաշտին (որ զինուորական տօնահանդէսի բնոյթ զգեցած էր)՝ «Բամբասանք» թերթին կողմէ յատկապէս այս առիթով առաջացած «բամբասասէր տիկնանց յանձնախումբը» (որ կ’ընդգրկէր նաեւ քննադատ Սնոտին եւ դոկտ. Հերոսեանը) յետ կարճատեւ խորհրդակցութեան որոշեց շարունակել դասախօսութիւնը։

Մինչ այդ, եթէ հարցումներ կային՝ Եուհուն պատրաստ էր պատասխանելու անոնց:

Ռումբերուն հետեւանքով ստեղծուած անձկալից մթնոլորտին մէջ, ոտքի ելաւ հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս մաշած էգ մը, որ տակաւին կանգուն կը մնար շնորհիւ վրէժի սրբազան կրակին.

— Կարելի չէ՞ նաեւ մեռելները բամբասել,— հարցուց ձայնով մը, որ դառնութիւն, յուսալքութիւն եւ կեանքին հանդէպ անտեղիտալի ոխ կ’ենթադրէր:

Պարզուեցաւ, որ ենթական զոհ գացած է անասնական ցանկութեանցը ստախօս սրիկայի մը, որ դաւադիր խոստումներով խլելէ ետք կուսութիւնը անոր՝ լքած է զինք ամբոխին երախին մէջ, եւ ապա իր նախկին կնկան կողմէ թունաւորումի ենթարկուած՝ ու մահացած է։

Եուհուն խորին յարգանք ցուցաբերելով էգին տառապանքին հանդէպ՝

— Սիրելիներ,— բարձր հնչեց անոր դողահար ձայնը,— մի՛ ըլլաք աներես՝ կատուներուն պէս, եղէ՛ք համարձակ՝ այս օրիորդին պէս...:

Ձեր տրամադրութեան տակ իմ այս ուսումնասիրութեան վերջին հատուածը (որ բամբասանքի գրպանի գործնական բառարան մը կ՚ընդգրկէ) դնելէս առաջ՝ նախ կ’ուզեմ պատասխանել ձեր հարցումին, թէ՝ «կարելի՞ է նաեւ մեռելները բամբասել»։

Արդարեւ, իմ շատ սիրելի հարազատներ, իբրեւ այս հարցին նուիրեալն ու մասնագէտը՝ փորձած եմ որոշ լոյս սփռել այս յոյժ կարեւոր եւ վտանգաւոր հարցին վրայ եւ պրպտելէ ետք Հին ու Նոր Կտակարաններու մեռելներուն վերաբերեալ բաժինները, Պղատոնի «Էթիկա»ն, Հին հնդիկներու «Մանուի» օրինագիրքը, հին եգիպտացիներու «Մահուան Գիրքը», Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ը եւ Շումերներու բեւեռագիր սալիկները՝ ուրախութեամբ եզրակացուցած եմ, որ մեռելները բամբասելուն դէմ յատուկ ոչ մէկ արգելք գոյութիւն ունի անոնց մէջ...: Բայց, որպէսզի մեր պատասխանը ըլլայ սպառիչ եւ անաչառ՝ յանուն խղճի հանդարտութեան եւ գիտական ճշգրտութեան, դիմեցինք նաեւ համայն աշխարհի բամբասասէր կիներու թիւ մէկ ներկայացուցիչ Մարկըրէթ Թաչըրի երկրի «Էնսայքլոպիթիա Պրիթանիքա»ին, ուր եւս կրնանք հաստատել, որ զարմանալիօրէն ոչ մէկ բացասական ակնարկութիւն կայ մեզ շահագրգռող հարցին յարակցաբար։

Անշուշտ, այս բոլորը կ’արձանագրենք անհուն գոհունակութեամբ, միշտ ի մտի ունենալով որ բամբասանքի մարզը դուրս գալով ցարդ իր ընդունուած սահմաններէն՝ յետ այսու ընդարձակելով իր գործելադաշտը՝ պիտի ընդգրկէ նաեւ մեռելաքաղաքները, որոնք ո՜վ գիտէ քանի՜–քանի յանցապարտներ, դուք ըսէք՝ բանսարկուներ, սրիկաներ, մակաբոյծներ, գետնառիւծներ, զեղծարարներ, զրպարտիչներ եւ սողուններ կը պարփակեն իրենց մէջ, դաւադիր աճիւններու ետին թաքցնելով յանցանքը անոնց, որոնք երկրի վրայ գործելէ ետք իրենց դժխեմ արարքը՝ փորձած են ապաստանիլ Անդենականի անդորրութեան մէջ։

Բայց, բոլորս ալ գիտենք, որ Անդենականը պէյրութեան ապրի չէ, ուր կարելի ըլլայ պաշտպանուիլ «անբան» ռումբերէն...։

Հետեւաբար, սիրելիներ, անխնայ կերպով բամբասեցէք բոլոր անոնց, որ երկրի վրայ գործելէ ետք իրենց քստմնելի արարքը՝ ո՛չ միայն խոյս տուած են ողջերէն, այլ նաեւ՝ ամէն գիշեր, երազի մէջ այցելելով իրենց հարազատները պահանջած են, որ գեղեցիկ դամբաններ կառուցուին՝ թաքցնելու համար կեանքի մէջ ունեցած իրենց տգեղ ելոյթները (Աստուած հեռո՛ւ ընէ ստոր մեռելներու հաշուեխնդիր դամբաններէն...)։

Բայց, գիտակից իմ ունկնդիրներ, տրուած ըլլալով, որ ժողովուրդին մէկ մասը տակաւին կառչած մնալով կրօնական նախապաշարումներու՝ դեռեւս ատակ չէ նման յանդուգն քայլի դիմելու, ձեր ունկնդիրը չխրտչեցնելու սիրոյն հարկաւոր է, որ յարգէք բամբասանքին բարոյական օրէնքները, եւ մեռել մը բամբասելէն առաջ՝ առ ի քաղաքավարութիւն ըսէք՝ «թէեւ ճիշդ չէ մեռելներուն մասին գէշ խօսիլը», «ամէն պարագայի, Աստուած հոգին լուսաւորէ», «Աստուած թող ներէ իրեն» եւ նման ձեւակերպական նախադասութիւններ, որոնցմէ ետք կամ առաջ կրնաք մեռել մը բամբասել այնպէս, ինչպէս պիտի բամբասէիք ողջ մը...։

Այս ուղղությամբ եթէ հարցումներ չկան՝ կ’անցնինք մեր ուսումնասիրութեան վերջին բաժինին, զոր կը յանձնենք ձեր ուշադրութեան։ Եթէ առ այդ որեւէ առաջարկ կամ դիտողութիւն ունիք՝ կրնաք ընդմիջել մեզ, վերջնական ձեւի մեջ դնելու համար այս բաժինը, որ, ինչպէս ըսինք, կ՚ընդգրկէ բամբասանքի գործնական բառարան մը, զոր հարկադրուեցանք պատրաստել փոխարինելու համար կարգ մը հնամաշ բառեր եւ զարգացնելու՝ բամբասանքային զինամթերքը, զուգահեռաբար գերպետութիւններու անսանձելի զինարշաւին։

Յուսանք, որ ստորեւ տրուած բառերը կ՚օգտագործուին համաձայն իրենց ներկայացուցած արժէքին եւ կ’ուղղուին ճիշդ թիրախին, ա՛յն բառերը, որոնք գուցէ գոյութիւն ունեցած են նախապէս, բայց արժեւորուած չեն երբեք, այլ միշտ չարչարուած են՝ ապիկար լեզուներրու վրայ գալարուելով ու թաւալելով, այլ երբեք դուրս չգալով ու բանտարկուած մնալով բառերու զնտան բազմաթիւ բերաններու մէջ։

Կը սկսինք՝ այբբենական կարգով.

Ա.— Աղիւսակ (հաշուեխնդիրներուն համար),

Անծեղ (արական հորմոններով հարուստ պարմանուհիներուն համար),

Աշխատավարակ (սիֆիլիսներուն եւ սիտաներուն համար),

Ածելի (շեղբի նման լեզու ունեցողներուն համար),

Աւերակ (անճաշակելի կիներուն համար),

Ամուլ (չբերներուն եւ մէկ հատիկ երեխայ ունեցող ծնողներուն համար, նկատի ունենալով որ մէկ հատիկ երեխան կրնայ որդեգրուած կամ ապօրինի ըլլալ):

Հոս կ’ուզեմ աւելցնել նաեւ Արուսեակ բառը՝ չարախօս կիներուն համար, տրուած ըլլալով որ երկիր ժամանումէս անմիջապէս ետք Արուսեակ անունով մէկը չարախօսած է իմ մասին, թէ կ՚ուզեմ զինք դարպասել…

— Ի՞նչ կը նշանակէ «դարպասել»,— ձայն խնդրելով կռկռաց տիկին Փէնէսելինը, փէշին ծալքերով փորձելով ծածկել բաց մնացած սրունքը, որ մինչեւ Փէնէսելինի ձայն ուզելն ու խորամանկաբար զայն ծածկելը՝ աննկատ մնացած էր Եուհուին կողմ է...:

— Ո՞վ կրնայ պատասխանել,— հարցուց Եուհուն, առանց հայեացքը հեռացնելու Փէնէսելինի փէշին այն մասէն, որ կը ծածկէր ենթակայ տիկնոջ սրունքը, որուն վրայ կը զգացուէր թափանցող համբոյրին համը դասախօս Եուհուի նայուածքին...։

— Ե՛ս,— ոռնաց Ամպիւլանսը,— «դարպասել» կը նշանակէ «կարգադրել»։

Ամբոխը հիացաւ Ամպիւլանսի բանգիտութեան վրայ, բայց Եուհուն բաւարարուած չէր.

— Ձեր մաքուր Աշխարհաբարով՝ «դարպասել» կը նշանակէ «սիրաշահիլ»,— ճշդեց ան եւ շարունակեց.

Բ.— Բանսարկու (թթուարիներուն համար),

Բութ (սակաւախօսներուն համար),

Բոյս (խոտի նման ապրողներուն համար),

Բու (երեսունէն քառասունհինգ տարեկան օրիորդներուն համար),

Բոժոժաւոր (վաթսունէն ութսուն տարեկան կնատեաց ծերերուն համար),

Բոզարած (բոլոր կարապետներուն համար, տրուած ըլլալով որ Կարապետ անունով սրիկայ մը ժամանակին աչք տնկած էր մեր բոլորին յարգելի տիկին Սուսամբար Սմբուլեանին...)

— Այո՜, տնկա՛ծ էր, տնկա՜ծ,— ամբոխին մէջէն վայեց Սուսամբար Սմբուլեանը, որ ի ցոյց բոլորին եկաւ, կեցաւ դահլիճին կեդրոնը։

— Անցնինք երրորդին. Գի՛մ...

— Ես ձա՜յն կ’ուզեմ,— ճչաց տիկին Ասուլիս նստած տեղէն:

Եուհուն նայեցաւ եւ չկարենալով ճշդել թէ ո՛ւր նստած է տիկին Ասուլիս՝ հայեացքը Անորոշին յառած ըսաւ.

— Խօսէ՛։

— Ես,— հեւ ի հեւ շարունակեց տիկին Ասուլիս,— կ’ուզեմ որ «Կարապետ»ին կողքին աւելցնէք նաեւ «Ձկնաբերան»ը։

Հազիւ իր անունը լսած՝ մեզի ծանօթ տիկին Ֆըլֆըլիկեանը ոտքի ցատկեց, բայց անմիջապէս հանդարտեցաւ, երբ նկատեց ուրիշ Ձկանբերան մը, որ արդէն ոտքի վրայ էր եւ կը ճչար, տիկին Ասուլիսի այլայլած երեսն ի վար.

— Աւերա՜կ, աղիւսա՜կ, Արուսեա՜կ...

Բորբոքած էր, արդարեւ, տիկին Ձկնաբերան Բ.ի հրաբխային բերանը, մինչ Ամպիւլանսն ու օրիորդ Սոմալի կը ջանային հանդարտեցնել զինք։

Զգացուած էր Եուհուն՝ ի տես կորովի ելոյթին տիկին Ձկնաբերան Բ.ի, որուն լսածը անմիջապէս ըմբռնելու եւ կիրարկելու բարձր ընդունակութիւնը պահ մը ապշած սլահեց զինք բեմին կեդրոնը։

Շնորհիւ տիկին Ձկնաբերանի հիանալի ուշիմութեան՝ ի՛նչ խօսք որ մերժուեցաւ առաջարկը տիկին Ասուլիսին, որ հակառակ իր անունին միայն «ըսել» գիտէր, իսկ լսելու մասին գաղափար ի՛սկ չունէր, ինչպէս միաձայնութեամբ հաստատեցին զոյգ Ձկնաբերանները, որոնցմէ առաջինին բերանը շանաձուկի երախի, իսկ երկրորդինը՝ երկակենցաղ թռչունի կտուցի կը նմանէր (ինչպէս նկատեց տիկին Ասուլիս...):

Եուհուն շարունակեց.

Գիշատիչ (ագռաւի, բազէի նման եւ առհասարակ տրամաբանութիւնը շեղ կիներուն համար),

Գոմէշ (ամէն գիշեր կնկան հետ պառկիլ ուզող այրերուն համար),

Գառնուկ (որոճացող, այլ անփորձ երիտասարդներուն համար),

Գունտուկլոր (սնանկացած վաճառականներուն համար)։

Դ.— Դդմաճ (քանի մը երեխաներու տէր ամուսնալուծուած կիներու հետ ամուսնացողներուն համար),

Դոդոշ (ամուսնացած եւ ընտանիքի տէր մարդոց նման սափրուողներուն համար),

Դրանիկ (ապօրինի գործեր կատարող օրինաւոր պաշտօնեաներուն համար)։

Ե.— Եռաժանի (պաշտօնանկ գնդապետներուն համար),

Եզիտի (ծագումը անյայտ արարածներուն համար),

Երշիկ (դժուարամարս ենթականերուն համար),

Երեւելի (պոռնիկներուն, աւազակներուն եւ... պետական պաշտօնեաներուն համար),

Եգէական (յանձնապաստան սիրահարուածներուն համար),

Երկակենցաղ (որձեւէգներուն համար)։

Զ.— Զինկոկրաֆ (տափակ անեկդոտներ պատմողներուն հումար),

Զիմզիմով (զեղծարարներուն համար),

Զիմզըմ (ծանծաղ ջուրերու վրայ նաւարկողներուն համար)։

Է.— Էշ (բարիներուն համար),

Էգ (չարերուն համար),

Էսոշիեյթըտ փրէս (անհիմն լուրեր տարածողներուն, այսինքն՝ կիներուն եւ կիներուն ենթակայ այրերուն համար)։

Ը.— Ընկեցիկ (երեխաներուն, սիրահարներուն, գինովներուն, խենթերուն եւ արուեստագէտներուն համար),

Ընդեղէն (հոգեպէս, իմացապէս կամ ֆիզիքապէս փոքր անհատներու համար),

Ընչազուրկ (ամուսնալուծուած մեծահարուստներուն համար)։

Թ.— Թթուաշ (նախապաշարեալ բարոյախօսութեան գաղջ արեւուն տակ թառամած օրիորդներուն համար),

Թթենի (մարմնով մեծ եւ պտուղներով փոքր անհատներուն համար),

Թուաբանագէտ (իրենց զգացումները աճուրդի դնող ամուսնութեան թեկնածուներուն համար),

Թափառական (շատախօս — այսինքն՝ բոլոր — կիներու ամուսիններուն համար),

մուսիններուն համար),

Ժ.— Ժանիք (համբուրելու պատրուակով իրենց ամուսինին պարանոցին մէջ ակռաները խրող կիներուն համար),

Ժանտ (հարեւաններու ընտանեկան գաղտնիքներուն վրայ իբրեւ չար ոգի թեւածող կիներուն համար),

Ժանգ (կնկան լուտանքներուն փոշին շարունակ դէմքին վրայ կրող այրերուն համար),

Ժխոր (կիներու, երեխաներու, կատուներու եւ հարսանեկան համախմբումներու համար),

Ի.— Իլիկ (գաղտնիքներու թելերով դաւադրութիւններ հիւսող «բու»երուն համար),

Իննամսու (սիրտը մաքուր, բայց խելքը թեթեւ մարդոց համար),

Իժ (անպատեհ ժամերու իրենց կնկան վերմակին տակէն սողացող այրերուն համար),

Լ.— Լու (բծախնդիր, մանրախնդիր, հաշուեխնդիր եւ թուաբանական անլոյծ խնդիր մարդոց համար),

Լպիրշ (հակակրելի կիրթերուն եւ Համակրելի անկիրթներուն համար),

Լպրծուն (յաճախակի կերպով տարփածուներ փոխող կամ փոխել ուզող կիներուն եւ համապատասխան ցանկութիւն ունեցող այրերուն համար),

Լաթ (կնկան բոլոր ցանկութիւնները կատարող կամ կատարել ուզող այրերուն համար),

Լուծողական (հաճոյախօս մարդոց համար),

Լուսանն (շրթունքը կապոյտ, յօնքերը կարմիր, մազերը կանանչ եւ այտերը մանուշակագոյն ներկող կիներուն համար),

Խ.— Խաժամուժ (խառնակիչներուն, բանսարկուներուն, աղմկարարներուն, խնդրայարոյցներուն, դաւադիրներուն, թեթեւամիտներուն, այսինքն՝ կնիկատիպ արարածներուն համար),

Խամաճիկ («խաժամուժ»ներուն ենթակայ այրերուն համար),

Խաւարծիլ (դժուարամարս ներկայութիւններու համար),

Ծ.— Ծակ (հասարակէն վեր դասակարգի մը պատկանող աղջիկներուն համար),

Ծաղկակաղամբ (իրենց կողակիցի թունդ ու եռացած բառերուն մէջ խաչուած, այլ անհամ արարածներուն...)

— Ըստ կարգի՜ն,— ձայն պահանջելով ոտքի ելաւ Աննա Սոմալին եւ իգական կոտրտուքներու սքանչելի «շo» մը կատարելով մէջտեղ եկաւ։

Ժողովականներէն շատեր լուռ ու մունջ կը սպասէին եւ անձկութեամբ կ՚աղօթէին, որ Աննա Սոմալին յանկարծ սխալ մը գործէ իր խօսքին մէջ, որպէսզի անոր վրայ խուժէին։ Անոնք մոռցած էին, աւելի ճիշդը չէին գիտեր, որ Աննա Սոմալին իրենց բնական զինակիցն էր՝ ընդդէմ արտաքին թշնամիներուն...։

— Ե՜ե՜ե՜ս,— ըսաւ օրիորդ Սոմալին ձախ կոնքը դէպի դուրս ցցելով եւ գլուխը աջ ուսին վրայ թեքելով։

Ինք եւ Եուհուն երկա՜ր ու նշանակալից նայեցան իրարու աչքին մէջ։

Ներկաները մէկ Եուհուին մէկ Աննային նայեցան։ Պահը խիստ խորհրդաւոր էր, Աննան շարունակեց.

— Ծա՜ղ…,— օրիորդը աջ կոնքը դէպի դուրս ցցեց եւ գլուխը ձախ ուսին վրայ թեքեց եւ սպասեց։

«Ճուտի՜կ, իսկակա՛ն ճուտի՜կ» անցաւ Եուհուին միտքէն:

— Կա՜... կա՜... ,— ձայնին ելեւէջները պարեցին օդին մէջ, Սոմալիի պարանոցը գեղանի օձի նման գալարուեցաւ ճկուն, ներկաներուն մարմինը փշաքաղուեցաւ, սպասումը լեռնացաւ դաշտին վրայ:

— ... Ղամբը՜,— շարունակեց օրիորդը անուշիկ շրթունքը ուռեցուցած, նայելով յօնքերուն տակէն, չարաճճի՝ փիսի՜կ... եւ՝

— ՉԷ՛մ սիրեր,— գոչեց յանկարծ ոտքերը ամուր խփելով գետին։ Ճիշդ մօտը նստած Ղափամայի ծանրածանր «պտուղ»ները վեր–վեր ելան եւ շատեր խաչակնքեցին, անակնկալի եկած։

— Շատ լաւ,— ըսաւ Եուհուն, թոյլ տալով որ ճակտին Քրտինքը սրբէ Սէն–Տէնի Շամիրամը,— քեզի բացառաբար կ’արտօնենք, որ «Ծաղկակաղամբ»ին փոխարէն «Ծ»–ով սկսող ուրիշ բանջարեղէնի մը անունը արձանագրես բառարանի քու օրինակին մէջ։

— Ես չեմ սիրեր բողկը, որուն գոյնը կը յիշեցնէ մեր դրացիին նախկին կնկան երբեմնի շպարը,— ուրախութեան յուզումէն թրթռաց ձայնը օրիորդ Աննային, որ երախտագիտութեամբ նայեցաւ Եուհուին, եւ յաղթական՝ ներկաներուն։

Բարձրացաւ ընդհանուր ծիծաղ, զոր Եուհուն գոհունակութեամբ համեմատեց շէյքսփիրեան ուրուականներու քրքիջին հետ։ Ենթակայ «կնկան շպար»ին շնորհիւ ոչ միայն փրկուեցաւ օրիորդ Աննային առաջարկը, այլ նաեւ շատեր արտօնութիւն խնդրեցին զեղչելու «Ծաղկակաղամբ»ը «Ծ» ցանկէն եւ «բողկ»ը աւելցնելու «Բ.»ին վրայ։

Առանձին մնալով՝ Եուհուն վճռական շարժումով մը բառարանէն դուրս շպրտեց «Ծաղկակաղամբ»ը, եւ որոշեց կեանքին մէջ բողկ չճաշակել, եթէ կը փափաքէր, անշուշտ, օրիորդ Աննային ... ճաշակել։

Շնորհիւ օրիորդ Աննա Սոմալիի առաջարկին՝ ճառագայթած մթնոլորտին մէջ կը պսպղային բիբերը կիներուն, որոնք սկսած էին փքուիլ արժանապատուութեան գիտակից հնդկահաւերու նման...։

Եուհուն պահը հասած նկատեց շնորհ մը ընելու իր ունկնդիրներուն եւ այս վերջիններուն խորհրդածութեան առիթ մը տալու համար բեմ հրաւիրեց օր. Միսիսիփփին, որ մկնիկային իր ձայնով մեկնաբանեց բամբասանքային միջազգային փառատօներու դափնեկիր մայեսդրօ Զիկ Զակ Զուկի վերջին յօրինումը։

Մութ գիշերին աստղածորան

Սիրոյ տրտում երգի փոխան

Աշխարհին դէմ զերթ պատուհան

Բացուած խորքին իմ ականջին

Աղօտ ձայներ, քսու բառեր, կծու ճիչեր կը հոսին...:

Ու կ’երկարի գիշերը մութ

Կրկէսի սուտ լարի նման,

Կը բորբոքին կիրքերս բութ

Զուր արձակուած քարի նման։

Ահա արդէն արշալոյսը գաղտագողի

Իբրեւ առնէտ կամ խեչափառ

Կը մօտենայ դանդաղաքայլ,

Մինչ երազն իմ բամբասանքի

Հազար անէծք կը ծնանի...։

Ու կը բացուի լոյսը տակաւ

Բամբասանքի քուրաներուն,

Մինչ կը սպասէ հոգիս անբաւ

Մութ կիրքերու խորհուրդներուն...:

Գոհ էր ամէն ոք, երանութեան մէջ էր Եուհուն, որ ձայնին թօնը բարձրացնելով շարունակեց ընթերցումը.

— Ծեքծեքո՜ւն,— գոռաց Եուհուն եւ բուռն... ծափահարութիւններ բարձրացան։

Կիներու ծափահարելուն ուրախ առիթով ծափատարեց նաեւ Եուհուն, կիները «Եո՛ւ–հո՜ւ» կանչեցին եւ ժողովրդային խանդավառութիւնը բարձրացաւ իր գագաթնակէտին, որուն զգլխիչ պատուանդանին վրայ կեցած կը ժպտէր Եուհուն։

— Այս բառը կը գործածուի զրպարտութեան շուկային մէջ,— շարունակեց Եուհուն,— եւ, համապատասխան բառերու չգոյութեան պարագային բաւական սուղ կ՚արժէ՝ բամբասանքի սակարանին մէջ...: Այս բառը, սիրելիներ, կը գործածուի անոնց համար, որ ունին անբնական յետոյք, որ իր կարգին կը յիշեցնէ դարերէ ի վեր խոպան մնացած դաշտը…

«Դաշտ» բառը լսելով, դաշտին հեռաւոր մէկ անկիւնը պպզած ծերունի մը սթափեցաւ...։ Անոր գանկին մէջ, թունաւոր նետերու նման տակաւին կը շարունակէին երթեւեկել զիլ կանչերը իր կնկան, հետեւաբար, ան ոչ այնքա՛ն Եուհուին քարոզը լսելու, որքան իր կնկան կանչերը չլսելու համար եկած էր այստեղ։

«Դաշտ»ը հին յիշատակներ արթնցուցած էր միտքին մէջ ծերուկին, որ հիմա ոտքի ելած դողդոջելով՝ խօսելու արտօնութիւն կը խնդրէր։

Եուհուն սիրով ընդառաջեց ծերուկին, որ միլիոնաւոր յուշերու խաչաձեւումին պատճառով պահ մը լուռ մնաց, ապա սկսաւ զիլ եւ կերկերուն ձայնով մը.

— Սիրելիներ,— ըսաւ ծերուկը,— երբ այս դաշտին հիմնարկէքը դրուեցաւ, եթէ չեմ սխալիր 1951–ին, մեր ժողովուրդը հիւղաւաններու մէջ կ’ապրէր եւ ձեզմէ շատեր չէին ծնած տակաւին։ Ես, որ հիմա եկեր եմ հոս իմ ամուսնական տաժանելի կեանքին լուծում մը գտնելու կեանքիս այս վերջին օրերուն, մաս կը կազմէի հանգանակիչ յանձնախումբին։ Ինծի հետ էին նաեւ Սարկաւագ Վանէսն ու տիար Թէլէկրաֆը։ Դուք ասոնց չէք ճանչնար, քոյրեր եւ եղբայրներ, չէ՜ք ճանչնար...։ Ի՜նչ մարդիկ էին անոնք, մանաւանդ Սարկաւագը, Թէլէկրաֆին իսկական անունը չեմ գիտեր, այդպէս կ՚ըսէինք իրեն՝ Թէլէկրաֆ, վերջը Արժանթին գնաց, քաուչուկէ ոտնամաններու ֆապրիք մը բացեր է այնտեղ, հարստացեր, բայց կ’ըսեն թէ շատ դժբախտ եղեր է մարդը։ Կինը փախեր է հրեայի մը հետ, յետոյ հրեան ալ կնկան տունէն փախեր է, կինը տունը փոխեր հաստատութեան վերածեր է, ի՞նչ հաստատութեան՝ չեմ գիտեր...։ Իսկ Սարկաւագը Հայաստան ներգաղթեց։ Օր մը, իրենց բակին մէջ նստած նարտի կը խաղայինք, յանկարծ խաղը ընդմիջեց եւ յայտարարեց որ Հայաստան պիտի երթայ։ Այդպէս ալ ըրաւ, շատ հաստատ էր իր որոշումներուն մէջ, նաւուն մէջ նստաւ եւ Հայաստան գնաց, այսինքն՝ մեկնեցաւ, վերջնականապէս մեկնեցաւ, հայրենիք գաղթեց...։ Այդպէս ուրեմն, երբ Հայաստան գնաց եւ հոն հաստատուեցաւ... հա՛, ըսինք որ Սարկաւագը Հայաստան գնաց, Երեւան հաստատուեցաւ... աղջիկներէն մէկը ատամնաբոյժ եղեր է, կիրովականցի թղթակիցի մը հետ ամուսնացեր՝ Կիրովական փոխադրուեր է։ Օր մը, ամուսինին հետ խնդիր ունեցեր է, Սարկաւագը իմացեր է, ինք գիտէ եղեր, որ աղջիկը քմայքոտ է։ Անցեալ տարի Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկ մը, որ Հայաստան այցելեր է, այցելութեան ատեն այդ աղջկան հանդիպեր է, որովհետեւ այդ աղջիկը ուզեր է այցելութիւն մը տալ իրեն, իբրեւ իր հօրը բարեկամ ին տղան։ Այդ տղան, ինչե՜ր չէր պատմեր այդ աղջկան մասին, սիրելինե՜ր, ինչե՜ր չէր պատմեր։ Կ’ըսէր թէ, այդ աղջիկը, չըսուելիք բաներ կ’ըսէր, սիրելիներ, չըսուելիք բանե՜ր...:

— Կեցի՜ր, հոդ կեցի՜ր, ծերո՜ւկ,— մլաւեց յանկարծ օրիորդ Թէլֆոնի թելը իր յախճապակեայ մատները իբեւ ատելութեան փարոս կարկառելով օդին մէջ եւ իր տախտակէ ոտքերով դոփելով գետինը,— քեզի հարցում մը ունիմ, ծերո՛ւկ։

— Հարցուր նայիմ, քոյրս։

— Այդ աղջիկը՜ը՜ը՜... քանի՞ տարեկան է, ո՞ւր ծնած է, ինչո՞ւ ծնած է, ինչպէ՞ս ծնած է, ե՞րբ ծնած է, դայեակը ո՞վ եղած է…

Աշխարհին ու մարդկութեան հանդէպ ունեցած իր ամբողջ ոխն ու ատելութիւնը խտացած էին Թէլէֆոնի թելին ձայնին մէջ, որ ակնթարթի մը մէջ հրաշագործ զսպանակի դեր կատարեց, եւ դաշտին զանազան անկիւններէն քառասունէն յիսունի շուրջ կիներ ոտքի ցատկեցին յանկարծ:

Ծերուկը գլխուն կենդանի մնացած քանի մը թել մազէն մինչեւ ոտքին ծռմռուած եղունգները սարսռաց ի տես այս զուսպ, այլ կատաղի իրարանցումին, որ պայթեցաւ յանկարծ անասելի աղմուկ–աղաղակով մը, եւ թուեցաւ թէ ծերուկին մշուշուած տեսողութեան դաշտին մէջ յարութիւն կ’առնէր նախնադարեան մարդուն կերպարանքը, մինչ խաչաձեւուող հարցումներու տարափ մը կը խուժէր անոր յոգնատանջ ուղեղին վրայ։

— Հասակը քանի՞ սանթիմեթր է։

— Կօշիկին կրունկը բա՞րձր է։

— Երեխայ ունի՞ թէ ամուլ է։

— Մազերը ի՞նչ գոյն կը ներկէ:

— Ի՞նչ օճառով կը լոգնայ։

— Ինչո՞ւ կը լոգնաց։

— Ինչպէ՞ս կը լոգնայ։

— Որտեղե՞րը կը լուայ։

……………………………………………………………………………………………………………...

Յետոյ յոգնած եւ ուժասպառ կանգ առաւ կիներուն երամը, որ քիչ ետք շարունակեց խզուած ձայնով եւ միաբերան.

— Բամբասասէր բանսարկո՜ւո՜ւո՜ւ... բամբասասէր թանսարկո՜ւո՜ւո՜ւ…

Ծերուկին թուեցաւ թէ գանկը պիտի պայթէր այս անտանելի ժխորէն, իսկ Թէլէֆոնի թելը նախազգալով այդ՝ յանուն իր ֆիզիքական ապահովութեան քանի մը քայլ հեռացաւ անկէ...:

— Հասա՞կը, կօշի՞կը, օճա՞ռը... չեմ գիտեր, չեմ գիտեր, չեմ գիտեր... ներեցէք,— դողդողալով խօսեցաւ ծերուկը, որուն ձայնը չէր լսուեր արդէն:

Տեսնելով ծերուկին խուսափողական կեցուածքը՝

— Պատասխանէ՛ եղած հարցումներուն,— որոտաց Եուհուն, եւ յանկարծ ոստիկանական ինքնաշարժներու ահազանգային ճիչերը օդին մէջ պատռեցին հոս ու հոն տակաւին թռչող ձայները, եւ թաղին զինեալներուն հովանիին ներքեւ ոստիկանները պաշարեցին դաշտը...։

Ընդհանուր վըլվըլուկը սկսած էր տեղի տալ արտաքին ուժերու սեղմումներուն առջեւ, մինչ Թէլէֆոնի թելը ամուսնացած չըլլալու իր ամբողջ զայրոյթը կը շարունակէր թափել ամուսնացած ըլլալուն համար մեծապէս... զղջացած ծերունիին վրայ։

Սէն–Տէնի Շամիրամը, որ իր նախկին ասպարէզէն մեկնած վարժութեան մը թելադրանքով նստած էր մուտքի աստիճաններուն վրայ, փորձեց արգելք հանդիսանալ զինեալներու պատասխանատուին, որ քանի մը ոստիկաններու եւ զինեալներու օգնութեամբ կը փորձէր դաշտէն ներս խուժել։

Պատասխանատուն ամուր բռնեց Շամիրամին ցանկայարոյց թեւէն։ Շամիրամին ցանկայարոյց թեւը սարսուռներ փոխանցեց պատասխանատուի ձեռքին, ձեռքը իր կարգին՝ ողնածուծին, բայց՝

— Ո՞վ է ձեր ղեկավարը,— գոչեց պատասխանատուն ցասումնալից:

– Մի՛... մի՛ դպնար ինծի…

— Պատշա՛ճ վարուէ, օրիորդ։

— Ես օրիորդ չեմ...

— Տիկին։

— Տիկին ալ չեմ։

— Ուրեմն ի՞նչ ես։

— Կին եմ, առանց ամուսնացած ըլլալու:

— Հասկցանք, ո՞վ է ձեր ղեկավարը։

— Ձեռքդ վերցո՛ւր վրայէս, ես այսպիսի բաներ չեմ սիրեր... հրապարակաւ,— կռնչեց Շամիրամ, ոտքերը բացաւ՝ տարածեց գետին, երկու ձեռքով ծածկեց դէմքը եւ նախնադարեան վաստակաշատ եղերամօր մը սքանչելի պատկերը պարզելով սկսաւ լալ աղիողորմ.

— Եո՛ւ — հո՜ւո՜ւ... հո՛ւհ – հո՛ւհ – հո՛ւհ – հո՜ւո՜ւ – ո՜ւ...:

Պատասխանատուն, որ պատերազմին ողջ տեւողութեան բազմաթիւ ճակատներու վրայ մարտնչած էր եւ լիբանանեան համատարած արհաւիրքին մէջ արտասուելու այլազան եւ բազմազան ձեւերու եւ ձայներու ականջալուր եղած էր, ուղղակի ապշեցաւ Սէն–Տէնի Շամիրամին 1985–ի նոր յղացքը հանդիսացող լացի այս կերպին վրայ։

Յանկարծ յայտնուեցաւ Եուհուն՝ շրջապատուած իր շքախումբով, որուն մէջ ամէնէն աչքառուն զինեալներուն արձակուելու պատրաստ կապարները յիշեցնող տիկին Ֆըլֆըլիկեանի անհանդարտ պտուկներն էին, որոնք բնազդաբար դուրս կը ցայտէին պատռտուած զգեստներուն արանքէն։

Տեսնելով իր առաջնորդին շքերթը՝ բազմութիւնը «Եո՛ւ–հո՜ւ» բացագանչեց միաբերան, եւ զինեալներուն պատասխանատուն հասկցաւ, որ «դաշտային» այս բոլոր արցունքներուն մարմնացումն ու սկզբնաղբիւրը առաջնորդի պատմուճանին ներքեւ թաքնուած այս ճղճիմ արարածն է, եւ անմիջապէս ձերբակալման հրաման արձակեց:

— Դուն շա՜տ թեթեւամիտ էակ մըն ես, որ փրկութեան պէտք ունի,— մեղմ ու ժպտուն խօսեցաւ Եուհուն, ցուցամատը ներողամտաբար թափահարելով պատասխանատուին աչքին առջեւ:

Զինեալները օդը կրակեցին եւ ամպերուն մէջ տակաւին սաւառնող ձայնը դոկտ. փրոֆ. Պաղտասար Հերոսեանին՝ արիւնլուայ քուրջի նման ... Սէն–Տէնի Շամիրամին հիւրընկալ գիրկը ինկաւ...:

Հոգեբանութեան բազմամեայ դասախօս փրոֆէսորին, Թէլէֆոնի թելին եւ Ամպիւլանսին հոգեբուժարան տարին, ցմահ տնօրինութիւն շարժապատկերի ապագայ աստղ մատամ Ժուռնալ Թենիսեանին եւ օրիորդ Փանսէ Սրբիչեանին՝ հիւանդանոց, Սէն–Տէնի Շամիրամին՝ իր նախկին հաստատութիւնը, Դերենիկ Սմբուլեանին՝ կենդանաբանական պարտէզ, աւելորդաբան–շատախօս ծերուկին՝ դիազննարան, Եուհուին՝ բանտ...։

Այս ամբողջ խառնակութեան ընթացքին, զինեալներուն պատասխանատուն արդարօրէն կը մտածէր, որ լիբանանեան ողջ ողբերգութեան պատասխանատուն պէտք է կիները եւ արական սեռի կնիկական թեւը եղած ըլլան, եւ եթէ գալիք ուժեղ իշխանութիւն մը շաբաթը առնուազն քանի մը հարիւր կիներ եւ կնիկանման այրեր գնդակահարել տայ Պուրճի աւերակ հրապարակին վրայ՝ հրապարակը կը ծաղկի եւ ամէն ինչ կը շէննայ...:



Հրաժեշտ

Բանտի իր խուցին մէջ, երանական ժպիտ մը շուրթերուն արթնցաւ Եուհուն, մինչ երկաթեայ դուռը ծանր ճռընչաց:

Օրիորդ Սոմալին օրուան թերթերը բերած էր։ Ան ոչինչ ըսաւ. լալով եկաւ եւ լալով մեկնեցաւ...:

Եուհուն ամենայն հանդարտութեամբ գետին երկնցած՝ սկսաւ աչքէ անցընել թերթերը, որոնք առաջին էջի իրենց ճակատին վրայ խոշոր վերտառութիւններով կը հաղորդէին երէկուան լուրը։ Այսպէս՝ «Կնոջ Ազատագրական Շարժումը՝ Լիբանանի մէջ», «Լիբանանի կիները պատնէշի վրայ», «Լիբանանեան պատերազմին իգական ծաւալը» (խմբագրական), «Փրկութեան յոյսեր՝ տարբեր մոլորակներէ», «Յայտնի խռովարար Եուհուն բանտ կ’առաջնորդուի», «Կնոջական ճեղք մը՝ լիբանանեան տագնապին մէջ», եւայլն։

Եուհուն առանց կարդալու բովանդակութիւնը լուրերուն, որոնց խորագիրները իր գիտցածէն աւելին չէին խոստանար իրեն, մէկ կողմ հրեց թերթերուն դէզը, ապա վերցուց անոնցմէ մէկը միայն, բացաւ «կնոջական էջը» եւ, ձանձրոյթը փարատելու համար սկսաւ կարդալ.

«ԽՈՀԱՆՈՑԻՆ ԱՆԿԻՒՆԸ

ՀՈԳԵԿԱՆ ԵՒ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ՍԱԼԱՏ

Բաղադրութիւն.— 1.5 քիլօ ստեպղին, կէս քիլօ սխտոր, 1 սրուակ քէչ–ափ, երկու սրուակ մայոնէզ, կէս նուկի պղպեղ... 4 խորանարդ սանթիմեթր թթուածին, երեք քուլայ վառօդի ծուխ, հարիւր յիսուն ալիք հրդեհի բոց, մէկ ցորենի տոպրակ աւազ, ութսուն մեթր պողպատեայ փշաթել, մէկ գարեջուրի շիշ պենզին, երկու շիշ զեղծուած ուիսքի, մէկ ծաղկաման աւրուած փոշի կաթ, քիչ մը հաշիշ եւ իմացական պոռնկութիւն, քանի մը ժամ հոգեկան գիջութիւն, քսանհինգ սուրճի գաւաթ արցունք, մէկ կաթիլ ընտիր մաղձ, պտղունձ մը հայհոյանք, 2844 պտղունձ անէծք, 40 cc սերոմ, մէկ նարինջի սնտուկ լերդացած արիւն, երկու ապուրի դգալ կոյսի մէզ, քանի մը քիլօ մարդու նեխած միս։

Պատրաստութիւն.— Մանր շերտերու վերածել ստեպղինը, ապա շատ մեղմ կրակի վրայ եռացնել պէնզինը, եռալէն կէս ժամ ետք պէնզինին մէջ խառնել ուիսքին եւ կաթը, կաթսային շուրջ գիջանալ պահ մը, ապա սրսկել հայհոյանքը, անէծքն ու պղպեղը, յետոյ ուժեղացնել կրակը եւ պարունակութեան մէջ խառնել աւազը, փշաթելն ու թթուածինը, եւ երբ շոգիին հոտը սկսի անտանելի դառնալ սպասուած սալատին վրան կաթեցնել մաղձը, գումարել լերդացած արիւնն ու երկու ապուրի դգալ կոյսի մէզը...»։

Յանկարծ խլացուցիչ աղմուկ մը պայթեցաւ բանտին վերեւ եւ Եուհուն, համակ լսողութիւն դարձած՝ ընդոստ ցատկեց եւ սկսաւ հետեւիլ ձայնին...:

Բանտին պահապանները խուճապի մատնուելով՝ սկսան կրակել բոլոր ուղղութիւններով...:

*

* *

Խորհրդային անջրպետանաւային կայաններն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ՆԱԶԱի կեդրոնը ահազանգային ազդանշաններ սկսան հնչեցնել յանկարծ ու միաժամանակ, Փենթակոնն ու Քրեմլինը ակնթարթային արագութեամբ զօրաշարժի ենթարկուեցան, բանուորական տիքդադուրաի թիւ 1 ղեկավար Միխայիլ Կորպաչեւ վերցուց Կարմիր հեռաձայնը, մինչ ծանօթ նախագահ եւ յայտնի դերասան Ռոնըլտ Ռեկըն կը հրահանգէր ամերիկեան կորիզային ռումբի բոլոր մասնագէտներուն՝ անմիջապէս գտնուիլ իրենց պարտականութեան վրայ։

Նոյն պահուն, զարմանալի զուգադիպութեամբ 9.5 ռիխթըր աստիճանաչափի շարժ մը կանխատեսելէ ետք անդամալուծութեան մատնուեցաւ Շուէտի երկրաշարժի կեդրոնը, որուն պատասխանատուները ահաբեկ աչքերով նայեցան իրարու...:

Ի տես գիտական բոլոր հնարքներուն չէզոքացման՝ մակբեթեան վհուկներու ջերմեռանդ հաւատացեալ Մարկըրէթ Թաչըր դիմեց երկրի ոգեհարցներուն, որոնք գուշակեցին արտակարգ անձնաւորութեան մը անակնկալ մեկնումը՝ Երկրէն դէպի անծանօթ մոլորակ մը:

Հարցուկներուն համաձայն, ենթակային մեկնումը ապահովելու մտահոգութեամբ թռչող սկաւառակ մը ուղղուած էր Մայրիներու երկիրը, երկիրը հրաժեշտի:

Արդարեւ, զանգերու եւ զէնքերու ղօղանջներն ու շաչիւնները գրաւած էին երկինքը, որուն վրայ աւետաբեր ոչ մէկ աստղ կ’երեւէր, տրուած ըլլալով որ անիկա պատած էր խորհրդաւոր ծուխերու բազմաշերտ քուլաներով։ Միեւնոյն ատեն, բազմատեսակ զէնքերու բուռն մարտեր կը մղուէին Անջրպետին մէջ, երբ սպասուած սկաւառակը թափով վայրէջք կատարեց բանտի շրջափակէն ներս...։

Սկաւառակէն դուրս եկան երկոտանի երեք արարածներ, որոնց լուսարձակ զէնքերուն պաշտպանութեան ներքեւ՝ բանտէն դուրս եկաւ Եուհուն։ Ան, ականջալուր պատերազմական օրկերու անախորժ երաժշտութեան եւ ձերբազատուած զարմանահրաշ տեսութիւններու քաղցր հեշտանքէն, յամրաքայլ բարձրացաւ սկաւառակ, որուն ուղղութեամբ կը շարունակէին ապարդիւն կրակել բանտին պահապանները։

Եուհուն, պահ մը կանգ առաւ ամենավերի սանդղամատին վրայ՝ դռնակի մուտքին, օդային համբոյրներ ուղարկեց իր վրայ կրակող զինեալներուն, խոնարհեցաւ, մինչեւ ստորին աստիճանները սկաւառակին, որ կարծես զսպանակուած ըլլար՝ յանկարծ անջատուեցաւ հողէն եւ ուղիղ գիծով բարձրացաւ երկինք։

Քաղաքին հակամարտ բոլոր կողմերը պահ մը մոռցած զիրար՝ միահամուռ կերպով սկսան կրակել սկաւառակին ուղղութեամբ, որ վիրաւոր բազէի նման կը շարունակէր պտոյտ գործել քաղաքին վերեւ, որուն հրդեհներուն մէջ արցունքի շիթեր կ’իյնային, սակայն։

Շիթերուն հետ, ծիծեռնակի պոկուած թեւերու նման՝ ճարճատող քաղաքին վրայ ցրուեցան բազմահազար թռուցիկներ, որոնք կը գրէին.

«Մնաք բարո՜վ փետրուարեան էգ եւ արու կատուներ, որ մեծապէս օգտուեցաք լիբանանեան պատերազմի ընձեռած նպաստաւոր պայմաններէն,

Մնաք բարո՜վ լլկուած մայթեր քաղաքի եւ մայրաղիճներ անմեղունակ, որ բոզացած պատերազմէն ծնաք,

Կօշիկի երբեմնի աշխոյժ, այժմու սմքած սակաւաթիւ ներկարարներ եւ նաւահանգիստի երբեմնի բեռնակիրներ, մնաք բարո՜վ ձեզ,

Մնաք բարո՜վ լիբանանեան հաշիշի արտեր եւ արտերու ածխացած երազներ,

Լիբանանեան բռնաբարուած ժամացոյցներ,

Քաղցրաթախիծ կապելաներու մելամաղձոտ, այլ չքացած պարուհիներ,

Հանրատուներու մտերիմ ու հարազատ պատերուն տակ միզող գինով շրջմոլիկներ, մնաք բարո՜վ ձեզ:

Մնա՛ս բարով Ռաուշէի անձնասպանական քարափ, դուն, որ մոռացութեան մատնուեցար վերջին տասնամեակի ընթացքին, երբ ոչ մէկ սիրահար փորձեց բարձունքէդ վար նետուիլ՝ ժայռերուն վրայ...:

Մնաք բարով քաղաքի ամայի փողոցներուն վրայ դիզուած աղբակոյտեր, աղբակոյտերուն շուրջ դեգերող իմ անտերունչ առնէտներ՝ մնաք բարո՜վ ձեզ...:

Ելեկտրական անուժ հոսանքներ եւ «էշու թնդանօթ»ի նման տակաւին տնկուած սպասումներ՝ մնաք բարով ձեզ,

Մնաք բարով պատկերասփիւռի փշրուած պաստառներ, խանգարուած սառնարաններ, հոգեկան եւ իմացական ընդարձակ գիջութիւններ, վրիպած կապարներ եւ վիժած բառեր՝

Մնաք բարով ձեզ, Պէյրութի երբեմնի եւ այժմու Կեդրոնական հրապարակի աւազէ թումբեր, փուշեր, ճահիճներ, ճահիճներուն վերեւ ամպամած մժեղի եւ ճանճի երամներ,

Մնաք բարով ձեզ ոճրային հազար բնազդ սնուցանող ուղեղներ՝ լուսաններ, գայլեր, բորենիներ չքնաղագեղ Լիբանանի,

Մնաս բարով, Մայրիներու երկիր, որ մեծապետական քմծիծաղներու հրոյ ճարակ դարձուցիր մայրիներդ.

Մնա՜ս բարով Նահատակաց Յուշարձան, որ իրարու վրայ կրակող եղբայրներուն համար պատնէշի դեր կատարեցիր (ես տեսայ քեզ, Նահատակաց Յուշարձան, մարմինդ ամբողջ ծակծկուած էր որդիական կապարներով, իսկ դուն կու լայի՜ր եւ կ՚աղօթէիր որդիներուդ փրկութեան համար, մնաք բարո՜վ քեզ...):

Մնաք բարո՜վ եւ ողջո՛յն քեզ, գեղանի՛ աղջիկ, պոռնի՜կ Լիբանան, որ տակաւին կը տոկաս ներսէն թէ դուրսէն եկող հոգեկան, իմացական ... հողեղէն եւ ... մետաղային թնդանօթներու եւ հրթիռներու հարուածին...:

Մնաք բարո՜վ եւ ողջո՛յն ձեզ,

Ցտեսութի՜ւն ձեզ…

28 Նոյեմբեր 1985»

Դիտվել է՝ 57123

Մեկնաբանություններ