Սկսաւ հրացանաձգութիւնը երկու կողմանց: Առաջին կրակին տեսայ մի ոստիկան արիւնլուայ գլորւում էր գետին, իսկ դէպի մեզ յառաջացող միւտիւրը սկսաւ փախչիլ, իսկ մենք կրակը կրկնապատկեցինք տասը կրականոցներով: Տեսայ ահա մի թուրք գլորեցաւ, միւսը օգնութեան եկաւ, ևս ինկաւ զառ ի վար: Սկսաւ կռիւը կատաղօրէն, երկու կողմանք ոչ մի պարտութեան նշան չէին ցոյց տար: Անտառը կը թնդար հրացանի ձայներէն, ամբողջ Կիւլանը սարսափի էր մատնուած: Շարունակուեցաւ կռիւը մինչև երեկոյ: Մեր կողմից ոչ մի ընկեր վնասուած: Հրացանաձգութիւնը դադրեցաւ: Նստանք, մի քիչ ճաշեցինք և պատրաստուեցանք մեկնելու, բայց լուր չունէինք, թէ դեռ պաշարումի տա՞կ էինք, թէ՞ փախած են թուրքերը: Երկու մտածումներու մէջ որոշեցինք, որ եթէ պաշարուած ենք, պէտք է ճեղքել, քանի որ գիշերանց մթութիւնէն լաւ կօգտուէինք: Բաւական մը սպասելէ վերջ մեծ կրակ մը վառեցինք, որ թշնամին կարծէ, թէ մենք կրակի շուրջն ենք: Խումբը սկսաւ մեկնիլ, ու այն գիշերը 6 ժամուայ ճանապարհ պէտք էր կտրէինք, որ Կէմինէին Քարը ապաստանէինք: Կէս ժամի մէջ լերան գագաթը ելանք, ուր թուրքի չէթէներ փախած էին, լեռը ամայացած էր:
Ամբողջ գիշերը ճամբորդելէ վերջ լուսաբացին մեր որոշած Կէմինէի դիրքերը գրաւեցինք: Խումբը հոդ 5 օր սպասելէ վերջ պաշարի նեղութեան պատճառաւ մեր ընկերներէն Պետրոս Քէշիշեան, Տիգրան Տէր-Ղազարեան, Զաքարի Յակոբը և Յաբէթ Կախվանեանը գացին Զագառի գիւղը պաշար բերելու: Ճանապարհին կը հանդիպին ոստիկան զինուորներու, ու կռիւը կը սկսի Տնտռա կոչուած կիրճին մէջ: Ոստիկան զինուորները, իրենց անյաջողութենէն կատղած, շրջակա գիւղացի պէտէլճիները ¥հարկ վճարելու միջոցով բանակից ազատվածները-խմբ.¤ կը հաւաքեն 500-ի չափ ու կը պաշարեն մեր պաշտելի մարդիկները: 8 ժամ կռուելէ վերջ Տիգրան Տէր-Ղազարեան կը զարնուի, իսկ Յաբէթ Կախվանեան աջ թևէն վիրաւոր կիյնայ, Պետիկ և Յակոբ, տեսնելով իրենց ընկերներուն նահատակուիլը, յուսահատ, փամփաուշտը սպառած վիճակի մէջ, կը քաշեն բրաունինգները, մէկզմէկ կը զարնեն՝ թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար: Յաբէթ Կախվանեան վիրաւոր կը քաշուի քարայր մը, մէկ գիշեր սպասելէ վերջ կþելլէ քարայրէն, կու գայ մեզի քով:
Տեսանք յանկարծ ընկեր Յաբէթը մինակ էր, կասկածը մեծ եղաւ մեզի համար, եկաւ պատմեց ամէն բան և ընկերներու սպանումը: Իսկ թուրքերու կորուստը անյայտ էր, վերջը իմացանք, որ 7 սպաննուած ալ թուրքերը ունեցեր են:
Անցաւ 2 ամիս: Գոբ գլուխ կոչուած տեղը կը գտնուէինք, մաս մը ընկերներ՝ հիւանդ վիճակի մէջ: Առաւօտեան լուսաբացին պահակները լուր տուին թշնամիին գալը: Աւա՜ղ, որ խմբապետ Գալուստ հիւանդ էր և անոր տեղ կը կառավարէր տասնապետ Ոսկեհան Փափուճեանը: Առողջ տղերքս գոմից դուրս թռանք, հիւանդ Գալուստը շալակնիս առած անցանք պահակներու կողմ, դիրքի մէջ տեսանք իրական հեծելազօրքեր՝ չէթէներու խուռն բազմութեան մը հետ, ուղղակի մեր կեցած դիրքն էին գալիս: Տասնապետ Ոսկեհանը «Տղե՛րք, կրա՛կ» պոռաց: Հրացանները սկսան որոտալ երկու կողմանց: Հիւանդ խմբապետ Գալուստ Խէչըմեան գլուխը վեր առաւ, ըսաւ. «Տղե՛րք, տուէ՛ք մոսինս, գնդակ մըն ալ ես նետեմ, կարելի է բժշկուիմ»: Խմբապետին գնդակը ոստիկան մը գլորեց գետին: Թուրքերը տեսնելով մեր յամառ դիմադրութիւնը, երեկոյեան սկսան քաշուիլ իրենց դիրքերէն, թողնելով մէկ սպաննուած և մէկ վիրաւոր, մահամերձ վիճակում, իսկ մեր կողմից՝ ոչ մի զոհ:
Երեկոյ էր, անձրևը կը տեղար սաստկագին, երկինքն ալ չէր դիմացեր այն ամէն վագրաբարոյ արարքներուն, որոնք իր աչքերէն բուռ-բուռ արցունք կը խլէին…
Հարություն ԱԼԹԻՈԳԿԱՅԱՆ